image

Սպանութենէն 7 տարի անց Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան գործը կը մնայ առկախուած

Սպանութենէն 7 տարի անց Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան գործը կը մնայ առկախուած

Ազատամարտիկ, Պռոշեանի նախկին գիւղապետ, դաշնակցական Հրաչ Մուրատեանի սպանութենէն անցած է եօթ տարի։ Այս ընթացքին սպանութեան գործով վարոյթը կասեցուած է եւ վերսկսած է երեք անգամ։ Գործի վարոյթը վերջին անգամ վերսկսած է 2019թ. ապրիլին. այդ ժամանակ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը, հանդիպելով ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչներու հետ, յայտարարած էր, որ առկայ են գործին առնչուող նոր տեղեկութիւններ, որոնք կը նպաստեն գործի քննութիւնը նոր թափով վերսկսելուն: Այս կապակցութեամբ NEWS.am–ը գրաւոր հարցում ուղակած էր դատախազութիւն՝ ճշդելու, թէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ի՞նչ նոր տուեալներ ստացած են, եւ անոնք  ի՞նչ նշանակութիւն ունեցած են գործի բացայայտման համար։

Ի պատասխան՝ դատախազութենէն յայտնած էին, որ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործով նախաքննութիւնը ՀՀ քննչական կոմիտէի ՀԿԳ քննութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ կը շարունակուի, քրէական գործով կասկածեալի կամ մեղադրեալի դատավարական կարգավիճակ ունեցողներ չկան։

«Քրէական գործով կ'իրականացուին քննչական, դատավարական եւ հետախուզական միջոցառումներ՝ յանցագործութիւնը բացայայտելու, որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու ենթակայ անձի ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ»,–ըսուած է ուղարկուած պատասխանին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Արցախեան պատերազմի մասնակից, Պռոշեանի նախկին գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանը սպանուած է 2 ապրիլ 2013-ին համայնքապետարանի շէնքի դիմաց: Դէպքէն ետք ձերբակալուած է, ապա կալանաւորուած էր Պռոշեանի բնակիչ Արայիկ Պետրոսեանը, որ, սակայն, 10 ամիս կալանավայրի մէջ մնալէ ետք ազատ արձակուած էր, քանի որ անոր առնչութիւնը յանցագործութեան չէր հաստատուած: