Ի՞նչ պայմաններու տակ Մեծն Բրիտանիոյ հզօր ղեկավար՝ Ուինսթըն Չըրչըլ համեմատութիւն «դուռ» մը բացաւ Քոնիաքի աշխարհին եւ կախարդական բուրմունք ունեցող սիկառներուն միջեւ։ Ի վերջոյ ինչ հարթակներու եւ ինչ տրամադրութիւններու «կախարդական փայտիկ»ն է, ան «վսեմական» շուրթերու վրայ պտըտող վսեմական տիար ՝ սիկառը։
Գուցէ դարերու պատմութիւն մը չունի այս ծխատեսակը, բայց ապահովաբար իր տեսակով, իր «ծանրութեամբ» եւ իր ստեղծած մթնոլորտով կը տարբերի միւս տեսակի եւ մակարդակի բոլոր ծխախոտներէն ...։
Սիկառի, «Հայկական սիկառ»ի, սիկառի շուկաներուն եւ անոր համար ստեղծուած պայմաններուն մասին հեռավար զրոյց մը ունեցած եմ արմատներով լիբանանահայ եւ վերջին տարիներուն սիկառի առեւտուրով ու ամենակարեւորը սիկառի արժէքն ու «արոմաթ»ը հասկցող՝ Գէորգ Թալաթինեանին հետ։
Ստորեւ հարսազրոյցը՝
- Պրն. Թալաթինեան, ինչպէ՞ս յայտնուեցաք սիկառի աշխարհին մէջ: Ինչէ՞ն առաջացաւ այդ հետաքրքրութիւնը:
1990-ական թուականներուն, սիկառի աշխարհին մէջ զարկ մը՝ «boom» մը տեղի ունեցաւ: Անկէ առաջ սիկառ կը ծխէին միայն որոշ դասակարգի մարդիկ, եւ ի մասնաւորի արական սեռի ներկայացուցիչներ։ Ուրեմն 1990-ական թուականներուն փոքր խանութներ սկսան բացուիլ սիկառի ապրանքանիշերու անուններու տակ: Մենք ալ ընտանիքի անդամներով խորհրդակցեցանք եւ (2007-ին) որոշեցինք մեր տեղը ունենալ։ Բացինք ՝ cigar lounge մը, սիկառ ծխելու յատուկ վայր, ուր մարդիկ կը հաւաքուին, կը զրուցեն եւ կը վայելեն սիկառ ծխելը։ Կերպով մը սիկառ ծխելը արարողութիւն էր։
Անձնապէս իմ հետաքրքրութիւնս սիկառի նկատմամբ սկսած է փոքր տարիքէս: Պէյրութի մէջ հայրս սիկառի մեծ հաւաքածոյ մը ունէր, ընդհանապէս Քուպայէն բերուած, եւ ես գաղտնաբար, առ ի հետաքրքրութիւն կը հոտոտայի զանոնք, նաեւ կը հետաքրքրուէի ծխամորճով: Տարիներու ընթացքին, մանաւանդ որ ծխախոտ երբեք չեմ օգտագործած, սիկառ ծխելը ինծի համար եղած է ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառող երեւոյթ: Եւ այս հետաքրքրութենէն ելլելով մուտք գործեցինք այս ոլորտին մէջ:
Կրնամ ըսել, որ գլխաւոր ներշնչումս հայրս էր, թէեւ ինք մոլի ծխող մը չէր, բայց կը սիրէր իր հաւաքածոյին համար սիկառներ հաւաքել ինչպէս օրինակ՝ Garcia y Vega, Punch, Romeo y Julieta եւ այլ մակնիշներով սիկառներ։
-Այս ոլորտին մէջ կարծես քիչ չէ թիւը հայերուն, որոնք սիկառի առեւտուրով կը զբաղին։
Յատկապէս Ամերիկայի մասին է խօսքը, որովհետեւ Հայաստանի մէջ դեռ նոր թափ կը հաւաքէ սիկառի աշխարհը։ Արդեօ՞ք այդ գործող զբաղուող մեր հայրենակիցները զիրար կը ճանչնա՞ն կամ կը գործակցին իրար հետ։
Մեր մօտ այս գործի շուկան շատ մեծ է, եւ գործակցութիւնը հայերուն միջեւ շատ չէ, բայց մրցակցութիւն ալ չկայ։ Իւրաքանչիւրը իր շրջանին մէջ իր յատուկ իր գործն ու տեղը ունի: Օրինակ իմ վաճառատունս Լոս Անճըլըսի մօտ է, եւ մեր պարագային այլ քաղաքներէ յաճախորդներ չեն գար, որովհետեւ ամէն տեղ ալ կան սիկառ վաճառելու եւ կամ ծխելու յատուկ վայրեր։ Բայց նաեւ կախում ունի, թէ դուն ինչպէս կը վարուիս յաճախորդին հետ, հանգիստ զգալ կու տաս իրե՞ն, լաւ կը սպասարկե՞ս, ու ամենակարեւորը կը ստեղծես այնպիսի պայմաններ, որ «հիւր»դ ինքզինք լաւ զգայ։
Հայերուն պարագային միայն մէկ հոգի կայ, որ կրնայ հաւաքել հայերը, ան Արիզոնա շրջանէն է, բայց այնքան զբաղած է, որ ժամանակ չունի: Ինք անդամ է այն մեծ «շնաձուկ»երու խումբին, որ Ամերիկայի մէջ սիկառ ծխելու արգելքներու օրէնքներուն դէմ պայքարող խումբ մըն է, եւ ան կը կոչուի՝ Վարդան Սեֆէրեան: Կը տեսնեմ զինք սիկառի տօնավաճառներու , որ կը կազմակերպուի Cigar Association of America (PCA)-ի կողմէ։ Այս անձնաւորութիւնը կրնայ մօտեցնել այս ոլորտի հայերը, բայց ինչպէս ըսի ժամանակ չունի, իսկ հայերն ալ քիչ մը ինքնահաւանութիւն ունին, իրենք իրենց չեն հաւաքուիր:
- Քուպա, Նիքարակուա, Տոմինիքեան Հանրապետութիւն եւ տակաւին ուրիշ երկիրներ: Ձեր կարծիքով՝ որոնք են ամենալաւ սիկառ արտադրող երկիրները ներկայ ժամանակներուն:
Ներկայիս, իրականութեան մէջ, Նիքարակուայի եւ Տոմինիքի սիկառները գրաւած են մեր շուկան: Ամերիկայի մէջ արգիլուած է Քուպայէն սիկառ ներմուծել: նախագահ Օպամայի օրով արտօնուեցաւ փոքր քանակով, բայց Թրամբի օրով կրկին արգիլուեցաւ: Քուպայականին կեղծուածն ալ շատ է, հետեւաբար շուկան բաւականին «վտանգաւոր» դարձած է: Լիբանանի օդակայանէն կարելի է գնել քուպայական սիկառ, այնտեղ անպայման իսկական քուպայականն է, որովհետեւ Լիբանանի օդակայանին մէջ կը գտնուի քուպայական սիկառի նեկայացուցիչը, որ ներկայացուց է մօտաւորապէս 67 երկրի համար։ Սիկառի վաճառականները կու գան օդակայան, առանց Լիբանան մտնելու իսկ , սիկառ կը գնեն ու կրկին կը ճամբորդեն: Այսինքն քուպայականի առնչութեամբ այնտեղ աւելի վստահելի շուկայ է, քան Ամերիկան:
- Իսկ սիկառներու որակները ինչո՞վ կը տարբերուին իրարմէ:
Քուպայի մէջ շրջան մը կայ Փինար տէլ Ռիօ անունով, ուր բնութիւնը, պարարտ հողը, մթնոլորտը շատ լաւ են ու արդիւնաւէտ սիկառի համար: Դժբախտաբար աղէտալի փոթորիկ մը քանդեց այդ շրջանը եւ հիմա կը սպասուի, որ սիկառի տագնապ ստեղծուի: Սիկառ արտադրող հսկաներէն՝ AVO ընկերութիւնը (այդ անունը կը կրէ աշխարհռչակ Աւօ Ուվէզեանին ի պատիւ), որ Davidoff-ին կը հայթայթէ ծխախոտը, լաւ հողեր ունի Նիքարակուայի եւ Տոմինիքանի մէջ:
Նիքարակուայի եւ Տոմինիքանի սիկառները շատ լաւ են որակով, եւ նոյնիսկ աւելի սուղ են քուպայականէն:
Եթէ նոյնիսկ այսօր Ամերիկան արտօնէ քուպայական սիկառ ներմուծենք, վստահ լաւ որակով պիտի չըլլայ, որովհետեւ Քուպան կը մատակարարէ եւրոպական շուկան, որ առաջնահերթութիւն է, Քուպայի կարողութիւնը այսքան է եւ եթէ պիտի մատակարարէ Ամերիկեան շուկան ալ, ապա այդ պիտի ըլլայ որակի հաշւոյն:
- Սիկառը իր կարեւորութեամբ յարգի խմիչքներու, խաւեարի, նոյնիսկ գոհարեղէններու կարգին կը դասուի: Յաճախ քաղաքական աշխարհին մէջ, որպէս բանակցութեան ժեստ կը գործածուի: Ինչքանով համաձայն էք այս տեսութեան, ի՞նչ կը մտածէք այս առումով:
Ես համաձայն եմ, եւ օրինակը Ուինսթըն Չըրչըլն է, ան «Արարատ» քոնեակը սնտուկով կը գնէր: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին յանկարծ կը դադրի մատակարարումը «Արարատ» քոնեակին, Չըրչըլ կը հետաքրքրուի պատճառով, եւ կը հասկնայ, որ քոնեակի սեփականատէրը Սիպերիա աքսորուած է, ուրեմն կապ կը հաստատէ Սթալինին հետ ըսելով, որ առանց քոնեակին սիկառը չի ծխուիր, հետեւաբար կը վերադարձնեն «Արարատ» քոնեակի տէրը Երեւան եւ կրկին կ'արտադրուի քոնեակը...։ Ասիկա քաղաքական բանակցութիւններու վերաբերեալ հետաքրքրական օրինակ է, որ քոնեակը եւ սիկառը քով քովի դնելով հարցեր կարելի է լուծել: Նաեւ գործի իմաստով, յաճախ իմ խանութս կու գան յաճախորդներ, որոնք քոնեակի ու սիկառի շուրջ մեծ գործարքներ կը կնքեն: Այսինքն կարելի է ըսել սիկառը շատ հարցեր կը մօտեցնէ իրարու:
- «Քովիտ» համաճարակի ատեն եւ անկէ վերջ խօսուեցաւ, որ սիկառի արտադրութիւնը նուազեցաւ, եւ անոր պատճառով գիներու սղաճ եղաւ: Ձեր կարծիքով ի՞նչ էին իսկական պատճառները, արդեօք «Քովիտն» էր, կամ բնութենական- եղանակային պայմաններն էին, կամ սիկառի «պուրսան»էր պատճառը, որ երեւելի գնաճ ըլլայ։
Կը կարծեմ, որ նախ՝ «Քովիտ»ը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ համաշարհային գետնի վրայ ամէն ոլորտներուն մէջ, երկրորդ՝ տուեալ ըլլալով որ «Քովիտ»ը շնչառութեան եւ թոքերու հետ կապուած հիւանդութիւն մըն է, բնականաբար ծխելը թիւ մէկ «թշնամին» դարձաւ մարդոց համար։ Ունինք յաճախորդներ, մանաւանդ օտար, որոնք աւելի զգոյշ են քան հայերը, սկսան չգալ, կամ թեթեւցնել յաճախումը, նուազեցնել սիկառի քանակը, ինչ որ ազդեց գործին վրայ: Բայց հիմա զարկ մը եւս սկսած է, սիկառի ընկերութիւնները սկսան շահաբաժին առաջարկել, մեր մօտ հարկերը այնքան ահաւոր են, ընկերութիւնները իրենք ստանձնեցին այդ հարկերէն բաժին մը վճարել, օգնելու փոքրաքանակ վաճառականներուն, ինչ որ իսկապէս օգնեց ձեւով մը:
- Յառաջիկային արդեօք տագնապ կը ստեղծուի՞ սիկառի գտանելիութեան առումով:
Իրականութեան մէջ շուկան սիկառ շատ կայ, բայց եթէ նախընտրութիւնդ մէկ տեսակ է եւ անիկա կը պակսի փոքրաքանակ վաճառականներուն մօտ, ստիպուած ես անոր «մօտիկ» տեսակ մը ընտրել: Ներկայիս պակաս կայ, բայց շատ ահաւոր չէ:
- Իսկ մտածած էք սիկառի արտադրութեան մասին, այսինքն սկիզբէն դուք ցանէք եւ սկսիք արտադրել: Եւ այս հարցումին ընդմէջէն կ'ուզեմ պատուհան մը բանալ դէպի Հայաստան, երբեւէ մէկը մտածած է կամ դուք լսած էք, որ հետաքրքրութիւն կայ Հայաստանի մէջ սիկառ մշակելու եւ արտադրութիւն սկսելու ծրագիրներու մասին:
Այո, պարսկահայ ընկեր մը ունիմ Նիւ Եորքէն, որ սիկառ կ'արտադրէ, ան Ղարաբաղի մէջ տեղ գտաւ, ամէն դասաւորումները ըրաւ, բայց ափսոս հիմա այս պայմաններուն մէջ ծրագիրը ձախողեցաւ: Երեք գործընկերներ էին, Դաւիթ, Վալոտ եւ Արմէն, հիմա արդէն երկու մնացին, Dav սիկառ կ'արտադրեն: Վալոտը յաճախ կ'երթայ Հայաստան, նոյնիսկ շուկայ գտած էր արտադրանքին: Ուրիշներ ալ կան, որոնք կը գնեն սիկառները Նիքարակուայէն եւ իրենց ապրանքանիշը կը դնեն վրան, օրինակ՝ Գօգօ սիկառը (տէրը՝ Հրաչ), Վարդան Զօրավար անունով սիկառը (տէրը՝ Վարդան), բայց անշուշտ շուկայ մէջ չի բաժնէր այլ միայն ինք կը վաճառէ։
- Նկատելի է, որ դուք հարցերուն հայկական ակնոցով մօտեցող մարդ էք, կը կարծէ՞ք, որ կրնանք ունենալ հայկական սիկառ, ինչպէս ունինք հայկական քոնեակ:
Մեր մօտ հայ երիտասարդ մը կայ, որ Ամերիկա ծնած ու մեծցած է, տէրն է Sinistro սիկառին, արտադրած է սիկառ մը, որուն տուփին վրայ Հայաստանի զինանշանը կայ, փորձ մըն է, բայց հայկականութիւն չի բուրեր, որովհետեւ Տոմենիքեան սիկառներ են: Հայկականը կը կարծեմ պիտի չըլլայ, քանի որ դժբախտաբար արտադրութիւն չկայ, եւ ապագայի հեռանկարով ալ դժուար թէ ըլլայ, ես գոնէ չեմ տեսներ այդ, բացի եթէ մէկը Նիքարակուայի մէջ հող մը գնէ եւ հոն մշակէ:
- Ձեր նախասիրած սիկառը ո՞ր մէկն է եւ ինչու:
Ես ընդհանրապէս կը փորձեմ սիկառ մը ծխել, որ եթէ այսօր տուփէն առի եւ 6 ամիս ետք երկրորդ սիկառը վերցուցի նոյն տուփէն, նոյն որակով մնացած ըլլայ: Իմ նախընտրած սիկառս AVO-ն է Davidoff-էն, AVO-ի սիկառները երբ այսօր ծխես, կամ մէկ տարի յետոյ՝ նոյն համն է: Թերեւս AVO-ն կը նախընտրեմ, որովհետեւ տէրը հայ է եւ անոր հետ ծանօթացած եմ, եւ տարբեր առիթներով հանդիպած: Անգամ մը Կլէյնտէյլի մէջ յանձնախումբ մը դրամահաւաք կազմակերպած էր մեր հայ դպրոցին համար եւ զինք հրաւիրած էին, ան 500 սիկառ նուէր տուաւ, ինչ որ աննախադէպ էր: Ես կը նախընտրեմ նաեւ Padron սիկառները: Քալիֆորնիոյ մէջ ծխախոտներուն վրայ բարձր հարկեր կան, հետեւաբար սիկառները սուղ են, մինչդեռ նոյն սիկառը օրինակ Լաս Վեկասի մէջ աւելի աժան է: Ինծի համար AVO-ին սիկառները կը մնան իմ նախընտրելին, ոչ թէ որովհետեւ «հայկական» է միայն, որ անշուշտ իր դերը ունի, այլ նաեւ որովհետեւ անառատ սիկառ է:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս