image

Շուշիի թատրոնի սրահներէն մէկը կոչուած է Ատոմ Էկոյեանի անունով

Շուշիի թատրոնի սրահներէն մէկը կոչուած է Ատոմ Էկոյեանի անունով

Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեանի անուան պետական թատրոն»ի սրահներէն մէկը անուանակոչուած է սփիւռքահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի անունով: Այս մասին կը տեղեկանանք Արսինէ Խանճեանի ֆէյսպուքեան էջէն:

«Այս ապրիլին մեր արցախեան ճամբորդութեան լաւագոյն անակնկալներէն մէկը Շուշիի Մ. Խանդամիրեանի անուան պետական թատրոն կատարած այցը եղաւ: Մեծ նուէր էր՝ տեսնել, որ Հայաստանի պատմութեան համար այսքան կարեւոր քաղաքի տիկնիկային թատրոնի սրահը «Ատոմ Էկոյեան» անունը կը կրէ»,- գրած է ան, նշելով, որ թատրոնի ստեղծագործական խումբը իրենց դիմաւորած էր «Մեր տունը» մանկական ներկայացումէն դրուագով մը: «Ուրախալի էր տեսնել, որ 25 տարի առաջ յաղթանակի խորհրդանիշը դարձած Շուշիին մէջ անկախութեան նոր սերունդին կը կրթեն նաեւ արուեստի միջոցով եւ կը փոխանցեն քաղաքացիական գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան գաղափարը»,-աւելցուցած է ան:

Արսինէլ Խանճեան իր ամուսնոյն Ատոմ Էկոյեանի, Սերժ Թանկեանի եւ Էրիք Նազարեան Ապրիլի սկիզբը եռօրեայ այցով ժամանած էր Արցախ` տեղի կեանքին ծանօթանալու եւ ժողովրդի հետ անմիջականօրէն շփուելու համար: Ան իր անունով հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, ուր աշխարհի արուեստագէտներուն կոչ ուղղած էր այցելել Արցախ եւ աջակցիլ երիտասարդ եւ տաղանդաւոր այն արցախցիներուն, որոնք կը շարունակեն գրել, ստեղծագործել, նուագել ու նկարել` անգամ այն ժամանակ, երբ պատերազմի պատճառով մեկուսացած են աշխարհէն եւ կը գտնուին շրջափակման մէջ:

Նշենք, որ Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեանի անուան պետական թատրոն»ը ստեղծուած է 2008-ին, ԼՂՀ որոշման համաձայն՝ Շուշիի «Սոս Սարգսեան» մանկապատանեկան, «Երուանդ Մանարեան» տիկնիկային եւ Շուշիի տրամաթիկ թատրոններու միաձուլման հետեւանքով։