image

Շուէտը Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներուն օգնութեան համար տրամադրած է 1,3 միլիոն տոլար

Շուէտը  Լեռնային Ղարաբաղի  քաղաքացիներուն օգնութեան համար տրամադրած է 1,3 միլիոն տոլար

Շուէտը 15 միլիոն շուէտական քրոն (աւելի քան 1,3 միլիոն ԱՄՆ տոլար) յատկացուցած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին՝ հոգալու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական կարիքները։

Այս մասին X էջին յայտնած է Հայաստանի մէջ Շուէտի դեսպան Փաթրիք Սվենսոնը։

«Շուէտը Շուէտական միջազգային զարգացման համագործակցութեան գործակալութեան (SIDA) միջոցով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին յատկացուցած է 15 միլիոն շուէտական քրոն՝ հոգալու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մարդասիրական կարիքները՝ այդ շարքին եւ բժշկական փոխադրութիւնը, սննդամթերքն ու գումարային նուիրատւութիւնները»,- յայտնած է դեսպանը։