image

Շամլեան վարժարանի յիսնամեակի տօնակատարութեան ընթացքին 1․6 միլիոն տոլար գոյացաւ

Շամլեան վարժարանի յիսնամեակի տօնակատարութեան ընթացքին 1․6 միլիոն տոլար գոյացաւ

Օրերս, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Փասատինայի մէջ տեղի ունեցած է Քրեսենթա հովիտի Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի հիմնադրութեան յիսնամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-կալան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Փասատինայի The Langham կառոյցի շքեղ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Քրեսենթա հովիտի Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի հիմնադրութեան յիսնամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-կալան, որուն ներկայ եղան նաեւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան եւ հոգեւոր հովիւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ տիկինը՝ Յասմիկը, փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ անդամ Գեւիկ Պաղտասարեան, վարժարանին մեծ ընտանիքը՝ Հոգաբարձութիւն, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, պաշտօնէութիւն, ծնողներ, բարերարներ եւ բարեկամներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:

Անոյշ Շամլեան եւ դուստրերը (ձախին), առաջնորդին, տնօրէնուհիին եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Արթին Ղազարեանի հետ

Յանուն Ազգային առաջնորդարանին՝ երեկոյին բացման աղօթքը կատարեց Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, որ իր կարգին հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը՝ փոխանցելու իր սրտին խօսքը, որ լեցուն եղաւ երախտագիտական արտայայտութիւններով՝ վարժարանին հիմնադիր բարերարներուն ուղղուած, թէ ընդհանրապէս՝ համայնքային կեանքը զարգացնելու միտող անցեալ եւ ներկայ բարերարներուն, նաեւ գնահատանք՝ կրթական, դաստիարակչական եւ վարչական գործերու բարեզարդման ճիգին մէջ իրենց կամաւոր ներդրումը եւ բարերարութիւնը չզլացող այն ազգայիններուն, որոնք հաւատացին հայ դպրոցի կարեւորութեան, ստանձնեցին յանձնառութիւն եւ գիտակից վերաբերում ցոյց տուին՝ նոր սերունդի հայ քրիստոնեայ զաւակները լաւագոյնս դաստիարակելու եւ իրենց համայնքին, ազգին եւ հայրենիքին պիտանի որդիներ պատրաստելու իմաստով:

Մէջբերելով Ամերիկայի նախագահ Պենճըմին Ֆրենքլինի այն խօսքը թէ` «An investment in knowledge pays the best interest»՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը իր խօսքը ամբողջացուց աստուածաշնչեան՝ «Ձեր սիրտը ձեր գանձերուն մէջ թող ըլլայ» համարով։ Ապա իր եւ Ազգային վարչութեան անունով, սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Շամլեան եւ Պաղտասարեան բարերար ընտանիքներուն՝ մինչ օրս  անոնց ցուցաբերած եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր վերաբերումին համար եւ զանոնք գնահատեց՝ իբրեւ Ազգային առաջնորդարանի օրինակելի աջակիցներ, համայնքի առաւել զարգացման ու բարգաւաճման հոլովոյթին մէջ: 

Այնուհետեւ, առաջնորդը ընթերցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը՝ նուիրուած վարժարանի յիսնամեակին, ապա տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի հետ վաստակաշատ խումբ մը ուսուցիչներու եւ անձնակազմի անդամներու նուիրեց յուշանուէրներ. անոնք էին՝ Արաքս Զարզաւաթճեան (44 տարիներու սպասարկութիւն), Սեդա Պաթմանեան (31 տարիներու), Լիտա Գէորգեան (28 տարիներու), Լու Կօլշան (26 տարիներու) եւ Թալին Փորիչիս (25 տարիներու)։ Շամլեան եւ Պաղտասարեան ընտանիքներուն ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցան նաեւ վարժարանին առաջին Հոգաբարձութեան անդամները՝ Ալիս Պետրոսեան, Արմինէ Յակոբեան, Վահիկ Պետրոսեան, Վահէ Յակոբեան եւ Վրէժ Գրիգորեան։

Ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղաւ 1․6 միլիոն տոլար հանգանակել։

Տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան կը ստանձնէ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Քրիս Պօղոսեանին եւ Շամլեան ընտանիքին, որոնք հոգացին ձեռնարկին ծախսերը։