image

«Սէր եւ խաղաղութիւն...».Հալէպահայ Գալուստեաններու մաղթանքը (Տեսանիւթ)

  «Սէր եւ խաղաղութիւն...».Հալէպահայ Գալուստեաններու մաղթանքը (Տեսանիւթ)

 Սուրիոյ պատերազմի ամենաթէժ օրերուն Հալէպի մէջ իրենց աչուկները բացած Գէորգ եւ Ռիթա Գալուստեանները Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ կարճ տեսանիւթ մը հրապարակած են։

 

 Անոնք, որ տակաւին չեն կարողացած ապրիլ իրենց ծննդավայր Հալէպի լաւագոյն օրերը մեծ յոյսեր ունին, որ խաղաղութիւնը շուտով կը լիանայ եւ այդ խաղաղ ոգին կը տարածուի, ոչ միայն Սուրիոյ, այլ ամբողջ աշխարհին մէջ։

 

 Քաղաքակիրթ եւ մարդասէր համարուած աշխարհի Սուրիոյ «նուիրած» ամենադառնոտ օրերուն ականատես եղած Գէորգի եւ Ռիթայի ծնողները ՝ Գոհարն ու Ժանոն ժամանակով մը ստիպուած եղած են հեռանալ Հալէպէն, հաստատուիլ Հայաստան, բայց Երեւանի մէջ անոնց ապրած դժուարին օրերը ստիպած են, որ Գալուստեանները ընտանեօք վերադառնան ու դարձեալ յոյս եւ կեանք տան իրենց օճախին, որ պատերազմի օրերուն ահաբեկիչ զինեալներու հարուածներուն թիրախ դարձած էր։

 

 Ու այդ բոլորը տեսնելէ ետք ալ, Գալուստեանները չեն կորսնցուցած կեանքի հանդէպ իրենց լաւատեսութիւնը ու այդ վարակիչ ոգին անոնց ծնողները այսօր իրենց փոքրիկներուն բերնով խաղաղութեան, բարութեան եւ իսկական մարդասիրութեան պատգամ կը յղեն ամբողջ աշխարհին։

 

 Կարճ բայց բովանդակալից տեսանիւթը այդ մասին կը պատմէ, մանաւանդ, որ Հալէպի վերականգնումին, ու պատերազմի ահէն ու փոշիէն դարձեալ ոտքի կանգնող մայր գաղութի գալիք առաւօտը ութը եւ ինը տարեկան հայ եւ տեղացի պատանիներուն ճիգերով պիտի ըլլայ։ 

 Անոնք կը սիրեն իրենց ծննդավայրը եւ ապրելու յոյսի մեծ աւիշը այդ դարաւոր քաղաքէն կը ստանան։

 

Նիւթը՝ «Արեւելք»ի