image

Սարգիս (Սագօ) Պերթիզլեանի կորուստը՝ Վալանսի մէջ

Սարգիս (Սագօ) Պերթիզլեանի կորուստը՝ Վալանսի մէջ

Օրերս տխրութեան ալիք մը պատած է Ֆրանսայի Վալանս համայնքի հայկական շրջանակները։

Պատճառը անժամանակ մահն է համայնքի ժրաջան երիտասարդներէն՝ Սարգիս Պերթիզլեանի։

Սարգիս  աշխուժ ներկայութիւն էր շրջանին մէջ ու կը մասնակցէր Հայ Աւետարանական Համայնքի գործունէութիւններուն։

Ինչպէս սփիւռքահայ ընտանիքներէն շատերու պարագային Սարգիս եւս ապրած է վտարանդի հայութեան ողջ ոդիսականը։

 Ան ծնած է Վենեզուելա, ուր պայմաններու բերումով յայտնուած էին (արմատները՝ Հալէպէն) իր ծնողները ու ապա շրջան մը ետք հանդերձ ընտանեօք անոնք հաստատուած են Ֆրանսայի մէջ։

 Վերջին ժամանակներուն Սարգիս հաստատուած էր Ֆրանսայի Մոնթելիմար շրջանին մէջ, ուր աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէր տեղի համայնքային կեանքին։

 Սարգիս Դալարի եւ Գէորգի կողքին անդրանիկ զաւակն էր Պերթիզլեաններու ընտանիքին։

Մեր ունեցած տուեալներով Սարգիսի մահը վրայ հասած է անկակնկալ կաթուածի հետեւանքով ծանր վիշտ մը տարածելով, իր հարազատներու ու զինք ճանչցող ընկերներու շրջանակին մէջ։

Հանգուցեալը 41  տարեկան էր։

«Արեւելք»   լուրը քաղեց՝  Համացանցէն