Սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին խօսուած է աւելի վաղ` 2020 թուականէն սկսած. այս մասին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը՝ անդրադառնալով հարցին՝ արդեօք Ալիեւի պահանջով տեղի պիտի ունենայ սահմանադրական փոփոխութիւնները, եւ արդեօք կրնայ վստահեցնել, որ Անկախութեան հռչակագիրը դուրս պիտի չգայ Սահմանադրութենէն:
«Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Հայաստանում եղել է ներքին գործընթաց, դա արտաքին որեւէ գործընթացների հետ որեւէ առնչութիւն չի կարող ունենալ, այն եղել է ներքին գործընթաց եւ շարունակելու է մնալ ներքին գործընթաց»,-ըսած է ան:
Ինչ կը վերաբերի հանրաքուէի կայացման ժամկէտներուն, ան ըսած է, որ ժամկէտներու մասին հրապարակային ըսուած է:
«Հանրութիւնը կը քուէարկի. ի դէպ մենք չենք որոշելու դա, ժողովուրդն է որոշելու»,-ըսած է ան:
Գրիգորեանը չէ յստակեցուցած, թէ Սահմանադրութեան ճիշդ որ յօդուածները կ՚ուզեն փոխել: Ան յայտարարած է, որ յստակ յօդուած չկայ: