Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի մօտ յիշողութեան խափանումներ եւ հաղորդակցութեան հետ կապուած դժուարութիւններ ի յայտ եկած են: Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբանը՝ Նիքալազ Կվարամիան:
«Ան չի կրնար մարդոց անունները յիշել: Իմս դեռ կը յիշէ, սակայն մեր զրոյցի ընթացքին պարզուած է, որ չի յիշեր իր ընկերներուն անունները: Ես գիտեմ այդ ինչի ախտանշան է: Հաւանաբար, այդ մասին պէտք է իմանան բժիշկները», նշած է փաստաբանը:
Կվարամիան դիմած է Վրաստանի կառավարութեան եւ պահանջած է Սահակաշվիլին տեղափոխել քաղաքացիական հիւանդանոց: