Արաբական աշխարհի մեծ դերասաններէն Ատէլ Իմամ բուժումներ կը ստանայ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաստատած է անոր որդին՝ Ռամի Իմամ, որ նաեւ նշած է, թէ հօր վիճակը կը համարուի կայուն։
Նշենք, որ համացանցի արաբական տիրոյթին մէջ տասնեակ օգտատէրեր, օրեր առաջ տեղեկութիւններ հաղորդած էին, այն մասին, որ Ատէլ Իմամի առողջական իրավիճակը վատթարացած է։
Իմամի վերջին երեւումը եղած էր «Զհայմըր» տեսաֆիլմին մէջ, որ ներկայացուեցաւ թուականին։
Եգիպտական կարգ մը աղբիւրներ հաղորդած են, որ Ատէլ Իմամ (81 տարեկան) կը պատրաստուի մասնակցիլ նոր ֆիլմի մը նկարահանման աշխատանքներուն, ուր սովորականին պէս պիտի ստանձնէ գլխաւոր դերը։