image

«Ս. Թարգմանչաց պատգամը մեզի» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

«Ս. Թարգմանչաց պատգամը մեզի» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

Եթէ յետադարձ նայուածքով ուսումնասիրենք մեր պատմութեան, կը նկատենք որ Աստուած յատուկ օրհնութիւններով եւ պատիւներով օժտած է հայ ժողովուրդը: Սակայն յաճախ Աստուծոյ ձրի օրհնութիւնները կը նկատենք, որպէս մարդկային ձեռքբերումներ կամ նուաճումներ: Իրականութիւնը այն է, որ Աստուած իր նախաձեռնութեամբ ուզեց առանձնաշնորհումով պատուել հայ ժողովուրդը: Օրինակի համար՝ Աստուած շնորհք ըրաւ հայոց տալով մեզի նախապատուութիւնը ըլլալու առաջին քրիստոնեայ պետականութիւնը ունեցող ազգը: Բայց Աստուծոյ օրհնութիւնը միայն այս կէտով սահմանափակուած չէ. ինչ որ բոլորովին մեր մտքերէն կը վրիպի այն է՝ թէ մենք նաեւ այն առաջին ժողովուրդներէն եղած ենք, որոնք շատ կանուխէն իրենց լեզուով գրուած աստուածաշունչ եւ հայրերու գրականութիւն ունեցած են: Ս. Մեսրոպ թողելով արքունիքի մէջ իր ունեցած պաշտօնը, կ'ընտրէ հոգեւորական դառնալ. եւ գրեթէ ճգնաւորական կեանք մը վարելով կ'որոշէ գիւղէ  գիւղ, քաղաքէ քաղաք շրջիլ եւ Քրիստոսի փրկարար աւետարանը քարոզել հայ ազգին (ինչպէս նաեւ այլոց):

Ս. Մեսրոպի օրերուն հայ եկեղեցական արարողութիւնը` պատարագը, տեղի կ'ունենար յունարէն կամ ասորերէն լեզուով, որոնցմէ հայ ռամիկը ոչինչ կը հասկնար: Մեծ սուրբը նկատեց, որ ժողովուրդը անհաղորդ է այն լեզուներուն, ինչ որ զիրենք անհաղորդ կը դարձնէր աստուածաշունչի պատգամին: Այս իրականութիւնը սուրբին սրտին ծանր կը կշռէ. ըստ որում ան խորհրդակցելով օրուան կաթողիկոս՝ Ս. Սահակ Պարթեւին հետ եւ արքունիքին հովանաւորութիւնը առնելով, կը սկսի հայոց յատուկ այբուբեն հնարելու աշխատանքին: Աստուած մեծ սուրբին փափաքը կ'իրականացնէ: Երկնային օժանդակութեամբ Ս. Մեսրոպ հայ գիրերու գիւտը կը կատարէ: Սուրբին տրուած այս օրհնութիւնը անկիւնադարձ եղաւ հայ ժողովուրդին: Անմիջապէս Ս. Մեսրոպ եւ իր աշակերտները սկսան թարգմանել աստուածաշունչը եւ հայրերու գրականութիւնը, որպէսզի «ԱՍՏՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐԷՆ ԽՕՍԻ» հայ ազգին:

Թարգմանական աշխատանքը ընդգրկեց՝ Ծիսական երկեր (Խորհրդատետր-Պատարագամատոյց, Ժամագիրք եւ այլն), Հայրախօսական գրականութիւն, Վկայաբանութիւն եւ վարքագրութիւն, Կանոնական (եկեղեցական ժողովներու եւ սուրբ հայրերու կողմէ գրուած կանոններ ու սահմանումներ) եւ Պատմական երկեր: Ս. Մեսրոպի  երեց եւ կրտսեր աշակերտները այնպիսի մանրազնինն աստուածաշնչական թարգմանութիւն մը կատարեցին, որու համար տրուեցաւ՝     «Թագուհի Թարգմանութեանց» տիտղոսը: Աստուածաշունչին գլխաւոր թարգմանիչներն էին՝ Ս. Սահակ Պարթեւ, Յովսէփ Պաղնացին, Կորիւն Սքանչելին, Ղեւոնդ Անանդեցին եւ Յովհաննէս Եկեղեցացին։ Հայեր լսելով իրենց սրտին, մտքին եւ հոգիին խօսող աստուածաշունչը, իրենց հաւատքը արմատացաւ այնքան, որով պատրաստ էին նոյնիսկ մահուան գնով դիմադրելու Սասանեան Պարսկաստանի արքայ՝ Հազկերտ Բ.ի սպառնալիքն:  Այս տարողութեան ազդեցութիւն ունեցաւ  աստուածաշունչը հայերէն թարգմանութիւնը հայ հանրութեան վրայ: Քրիստոնէութիւնը պահելով հայեր կարողացան իրենց ինքնութիւնը պահել:

Սուրբ թարգմանիչները ոչ միայն իրենց աշխատանքով, այլեւ իրենց կեանքով իսկ  դարձան Աստուծոյ թարգմանը հայ ժողովուրդին մօտ: Այսօր ալ անոնք կը շարունակեն իբրեւ փարոս լուսաւորել հայոց ազգը:

Սակայն ներկայի մեր իրականութեան նայելով կրնանք նկատել, թէ որքան նոր թարգմանիչներու պէտք ունինք այսօր: Ներկայիս հայ ազգը քրիստոնէական գրականութեան սովի մէջ է, որովհետեւ հայ հոգեւոր գրադարանը շատ աղքատ է: Ոչ հին գրականութիւնները կը վերահրատարակուին, եւ ոչ ալ նոր ստեղծագործութիւններ տեղի կ'ունենան: Եթէ հայ հաւատացեալը փափաքի աճիլ քրիստոնէական հաւատքին մէջ, անպայմանօրէն պիտի դիմէ այլ լեզուներով գրուած գրքերու, որպէսզի իր ծարաւը յագեցնէ: Նման իրականութիւնը կարելի է  անուանել՝ հոգեւոր անգրագիտութիւն: Հայ ազգը հոգեւոր անգրագիտութեան մէջ է: Ս. Մեսրոպի գիւտին գլխաւոր դրդապատճառը քրիստոնեայ հաւացեալը իր հաւատքին մէջ հաստատելն էր, որու պատճառով հայ ժողովուրդը օժտուած քրիստոնէական հաւատքով կարողացաւ դիմադրել իր ինքնութիւնը խաթարող ալիքները: Սակայն ներկայի մեր մեկնութիւնը Ս. Մեսրոպի աշխատանքին զինք իր քրիստոնէութենէ կը մերկացնէ եւ անոր կը վերագրէ ամէն տեսակի այլ պատճառարկութիւններ (motivation): Թէեւ ողբանք մեր այս դժբախտ իրականութիւնը, հորիզոնի վրայ այս հարցը լուծելու համար ոչ մէկ աշխատանք կը տեսնուի:

Հետեւաբար եկէք աղօթենք մեզ սիրող Աստուծոյ ըսելով՝

« Ո՜վ ամենաբարին Աստուած՝

 բարեխօսութեամբ Ս. Մեսրոպի եւ Ս. Սահակի եւ բոլոր թարգմանիչներու,

մեր ազգին վրայ հեղեղէ նոր եւ նորոգուած հոգեւոր գրականութիւն ալիք մը, որպէսզի կարենանք Քեզ աւելի լաւ ճանչնալ

եւ Քու վկադ ըլլանք այս ալեկոծուած աշխարհին մէջ. ամէն:

 

Նիւթը՝  «Ռատիօ Վատիկան»ի  Հայկական ծառայութենէն