image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ. Հնչակեան պատուիրակութիւն մը մասնակցած է Քամալ Ճոմպլաթի յիշատակի ոգեկոչման արարողութեանց

Լիբանանի մէջ. Հնչակեան պատուիրակութիւն մը մասնակցած է Քամալ Ճոմպլաթի յիշատակի ոգեկոչման արարողութեանց

Օրերս Լիբանանի մէջ նշուած է Լիբանանեան Տիւրզի համայնքի մեծանուն գործիչներէն Քամալ Ճոմպլաթի նահատակութեան 48 ամեակը։

Այս առթիւ ալ տեղի ունեցած ոգեկոչական միջոցառումները իրենց լրումին հասան անցեալ կիրակի օր (16 մարտը Ճոմպլաթի նահատակութեան օրն է) լեռնալիբանանի Մուխթարայի աւանին մէջ։

Հայկական յառաջդիմական թեւին եւ մասնաւորապէս Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան հետ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ ունեցած են Լիբանանի յառաջդիմականները, որոնց պարագլուխն էր նահատակ Քամալ Ճոմպլաթ։

Այս տարի եւս, ինչպէս անցնող բոլոր տարելիցներուն Հնչակեան կուսակցութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը մասնակից դարձած է ոգեկոչման ձեռնարկներուն։

Ատոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց ՍԴՀԿ Լիբանանի մարմնի էջէն եւ ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած տեղեկատւութիւնը։

Ընկերվար Յառաջդիմական կուսակցութեան հիմնադիր ղեկավար Քամալ Ճոմպլաթի ահաբեկումի 48-րդ տարելիցին առիթով, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւն մը Կիրակի, 16 Մարտ 2025-ին այցելեց Մուխթարա, ուր Ճոմպլաթ ընտանիքի պալատի շրջափակին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Քամալ Ճոմպլաթի յիշատակի ոգեկոչումի հանդիսութեան։ Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան եւ Լիբանանի Շրջանի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ։

Ոգեկոչումի պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի անդամ ընկերները Մուխթարայի պալատին մէջ կարճ տեսակցութիւն ունեցան Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան նախագահ երեսփոխան Թէյմուր Ճոմպլաթին հետ, ներկայութեամբ նախկին կուսակցապետ Ուալիտ Ճոմպլաթին:

ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի ատենապետը այս առիթով ըսաւ. «Մեր այսօրուայ այցելութեան նպատակը ուսուցիչ Քամալ Ճոմպլաթի գաղափարներուն վերանորոգումն է՝ մեր յարգանքը յայտնելու անոր անմահ յիշատակին։ Նահատակ ուսուցիչին հռչակը տարածուած էր լեռնալիբանանէն հասնելով մինչեւ համաշխարհային հարթակներ: Ան ընկերային արդարութեան ժողովրդավարութեան եւ յանուն մարդկութեան համար պայքարող նախամարտիկ մըն էր»։  Տեսակցութեան աւարտին կողմերը վերահաստատեցին յաճախակի գործնական այցելութիւններու կարեւորութիւնը՝ ամրապնդելու համար երկկողմանի պատմական կապերը։ Ապա, ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը ծաղկեպսակ մը զետեղեց նահատակ ուսուցիչ Քամալ Ճոմպլաթի շիրիմին։