Ռուսիոյ Պելկորոտ մարզի նահանգապետ Վեաչեսլաւ Կլատքով յայտնած է, որ գիշերային հրետակոծութեան հետեւանքով տեղւոյն մանկապարտեզներէն մէկը գրեթէ ամբողջութեամբ աւերուած է։ Պելկորոտի դպրոցներուն մէկ մասը մէկ շաբաթով կ'անցնին հեռավար ուսուցման, իսկ մանկապարտեզներն ամբողջութեամբ պիտի փակուին։
Кommersant.ru-ի հաղորդմամբ՝ արկի իյնալու վայրը խառնարան գոյացած է, իսկ մանկապարտէզի շէնքի բեկորները «ցրուած են 300 մ. շառաւիղով»։ Զոհերու մասին տեղեկութիւններ չկան։ Ասիկա արդէն երրորդ ուսումնական հաստատութիւնն է, որ մեծ վնաս կը կրէ ուքրանական կողմի հարուածներէն, պարզաբանած է Կլատքով։
Կլատքով նաեւ յայտնած է, որ շրջանային կեդրոնի՝ Պելկորոտ քաղաքին մէջ, «ուղիղ հարուածներ հասցուած են մէկ ընկերային եւ մէկ առեւտրային կառոյցի»։