image

Ռուսիոյ պարտաւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ միակ բեռնատար մը ուղարկելը չէ. Ամերիկացի գործիչ

Ռուսիոյ պարտաւորութիւնը  Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ միակ բեռնատար մը ուղարկելը չէ. Ամերիկացի  գործիչ

Նիւ Հեմփշիրի մէջ մենք մեծ հայկական սփիւռք ունինք, եւ անոնցմէ յաճախ կը լսենք մտահոգութիւններ, որ Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակումը լուրջ մարդասիրական տառապանքներու պատճառ դարձած է եւ այն պէտք է անմիջապէս վերացուի։ Որպէս Քոնկրեսի սակաւաթիւ անդամներէն մէկը, որ Հայաստանի մէջ որոշ ժամանակ անցկացուցած է՝ կրնամ ըսել՝ սա այնպիսի խնդիր է, որ մենք պարտաւոր ենք օգնել լուծել։ Այս մասին, սեպտեմբեր 14-ին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ, Արցախի ճգնաժամի գնահատման վերաբերեալ լսումներուն ընթացքին նշած է ծերակուտական Ճէյն Շահինը:

«Օգտակար քայլերէն մէկը կրնայ ըլլալ Ծերակոյտի կողմէ Ատրպէյճանի մէջ դեսպանի նշանակման հաստատումը։ Կը կարծեմ՝ մեզի համար օգտակար կ'ըլլայ այնտեղ դեսպան ունենալ, որ կրնայ ներկայացնել խնդիրը եւ թէ ինչ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Կրնա՞ք ըսել՝ Ռուսիան այժմ ինչ դեր կը խաղայ Լեռնային Ղարաբաղի եւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն մէջ»,-ան հարց ուղղած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու նախարարի տեղակալ Եուրի Քիմին:

Վերջինս պատասխանած է. «Ռուսիան միջնորդ հանդիսացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի հաստատման հարցով 2020 թուականի սարսափելի բռնութիւններէն ետք եւ ստանձնած խաղաղապահներու եւ այդ յայտարարութեան դրոյթներու կատարման երաշխաւորի դերը: Միացեալ Նահանգները ոչ մէկ ներգրաւուածութիւն ունեցած է այդ գործընթացին: Մեր գնահատմամբ, եւ կը կարծեմ՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ Ատրպէյճանի մէջ կը կիսեն կարծիքը, որ Ռուսիան չէ ըրած այն, ինչ պէտք է ընէր: Մենք մէկ տարի առաջ տեսանք, որ նորէն բախում սկսաւ Ռուսիոյ ներկայութեամբ: Խելամիտ է պահանջել ռուսերէն կատարել իրենց գործառոյթները՝ կանխելու հետագայ բռնութիւնը: Ռուսիոյ Դաշնութեան պարտականութիւնն է ապահովել նաեւ Լաչինի միջանցքի վերաբացումը, այդ անոնց պարտաւորութիւնն է՝ որպէս խաղաղապահներ: Մենք, չըլլալով այդ յայտարարութեան կողմ, հնարաւորը կ'ընենք այդ ուղղութեամբ եւ պիտի շարունակենք աւելին ընել, որովհետեւ կը կարծենք՝ բացարձակ հրատապ է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան սնունդ հասցնելը: Սնունդի ու դեղորայքի մատակարարումը պէտք չէ խաթարուի քաղաքական վէճերու պատճառով։ Կը կարծեմ՝ ամբողջ աշխարհը պէտք է հարցնէ՝ ինչ կ'ընէ Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Լիրավիճակը բարելաւելու համար:

Մենք գիտենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս զինուորները ուղղաթիռներով սնունդ ու մատակարարումներ կը ստանան: Տեղեակ ենք նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղ մուտք գործած միակ բեռնատարը Ռուսիոյ Կարմիր խաչին կը պատկանի, բայց այդ բաւարար չէ, այդ այն չէ, ինչ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը որպէս պարտաւորութիւն ստանձնած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու համար, եւ այն չէ, որու մասին պայմանաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու հետ եւ Ալիեւը համաձայնած էր, այլ այն, որ Լաչինի միջանցքը եւ միւս ճանապարհները անյապաղ եւ միաժամանակ պէտք է բացուին»: