image

Ռուսիոյ նախագահէն երդմնակալութեան մասնակցելու հրաւէր չեմ ստացած. Փաշինեան

Ռուսիոյ նախագահէն երդմնակալութեան մասնակցելու հրաւէր չեմ ստացած. Փաշինեան

Ինչո՞ւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը չէ մասնակցած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի երդմնակալութեան արարողութեան այն պարագային, երբ աւելի վաղ մասնակցած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի երդմնակալութեան։

Փաշինեանը ասուլիսի ժամանակ պարզաբանած է՝ Թուրքիոյ նախագահէն երդմնակալութեան մասնակցելու հրաւէր ստացած էր, նաեւ հաշուի առնելով հայ-թրքական օրակարգը եւ ատոր առանձնայատկութիւնը՝ մասնակցած է ատոր, իսկ Ռուսիոյ նախագահէն նման հրաւէր չէ եղած:

«Ռուսաստանի նախագահից հրաւէր, կարծես թէ, չեմ ստացել, բայց եթէ հրաւէր ստանայի, այսօրուայ այս խօսակցութիւնը պակաս կարեւոր չէր ինձ համար, որովհետեւ, ակնյայտօրէն, շատ կարեւոր հարցեր ենք քննարկում։

Ես յոյս ունեմ, որ դուք էլ էք այդպէս գնահատում, որովհետեւ եթէ անկարեւոր համարէիք, ձեր հարցերն ինչո՞ւ պէտք է տայիք: Բոլոր հարցերը կարեւոր են»,-ըսած է Փաշինեանը։