Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցը

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցը

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Սերգէյ Շոյկուն եւ Հուլուսի Աքարը բանակցութիւններ վարած են Անգարայի նախաձեռնութեամբ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Նշուած է, որ քննարկման առանցքը, ի թիւս այլ հարցերու, եղած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։

«Բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը քննարկած են «Սեւծովեան նախաձեռնութեան» իրականացման արդիւնքները, Սուրիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող փոխգործակցութեան այլ ուղղութիւններ», - նշուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանական գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։