Լոյս մարտ 29-ին ռուսական զօրքերը հարուածած են Ուքրանիոյ ուժանիւթային կառոյցներուն՝ զանգուածային համակցուած յարձակման ժամանակ։ Այս մասին յայտնած է korrespondent.net-ը։
Յարձակման հետեւանքով տուժած են կեդրոնական եւ արեւմտեան շրջաններու ջերմային եւ ջրային ելեկտրակայանները։
Տնեփրոփեթրովսքի, Խարքովի մարզերուն մէջ վթարային անջատումներ են։ Չերքասիի մարզին մէջ հարուած հասցուած է ուժանիւթային կառոյցին:
Ուքրանիոյ Հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը ոչնչացուցած են հակառակորդի 84 օդային թիրախ։ Այս մասին մարտ 29-ին յայտնած է Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու ռազմաօդային ուժերու հրամանատար Նիքոլայ Օլեշչուքը։ Անոր խօսքով՝ մարտ 29-ի գիշերը ռուսերը հզօր հրթիռային եւ օդային հարուած հասցուցած են Ուքրանիոյ վառելիքա-ուժանիւթային հատուածի կառոյցներուն՝ օգտագործելով տարբեր տեսակի հրթիռներ եւ յարձակողական անօդաչու թռչող սարքեր։
Ընդհանուր առմամբ կիրառուած է 99 օդային յարձակման զէնք՝ «Շահետ-136/131» տիպի 60 հարուածային անօդաչու թռչող սարք, 3 Х-47Մ2 «Քինժալ» պալիսթիք հրթիռ, 2 «Իսքանտեր-Մ» պալիսթիք հրթիռ, 9 X-59 կառավարուող հրթիռ, 4 «Իսքանտեր-Կ» թեւաւոր հրթիռ, 21 Х-101/Х-555 թեւաւոր հրթիռ:
Ուքրանական Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ոչնչացուցած են 84 օդային թիրախ՝ «Շահետ-136/131» տիպի 58 յարձակողական անօդաչու թռչող սարք, 17 Х-101/Х-555 թեւաւոր հրթիռ, 5 X-59 կառավարուող ինքնաթիռի հրթիռ, 4 «Իսքանտեր-Կ» թեւաւոր հրթիռ: