image

Ռուսիան փաստացի կ՚աջակցի Փաշինեանի յայտարարած «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի կառուցման. Օվերչուք

Ռուսիան փաստացի կ՚աջակցի Փաշինեանի յայտարարած «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի կառուցման. Օվերչուք

Ռուսիան փաստացի կ՚աջակցի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարած «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի կառուցման, Կայունացման եւ զարգացման եւրասիական հիմնադրամի միջոցով կը ֆինանսաւորուի «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհային միջանցքի չորրորդ փուլի կառուցումը: Երեւանի մէջ կայացած միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի ժամանակ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը:

«Այս գծով աջակցութեան ծաւալը 150 մլն տոլար է: Նաեւ ներկայիս հիմնադրամի անդամ մարմիններու համաձայնեցմանն ներկայացուած է Քաջարանի մէջ փապուղիի կառուցմանն աջակցելու որոշումը. այստեղ աջակցութեան ծաւալը պիտի ըլլայ 200 մլն տոլար: Հայաստանի մէջ հիմնադրամի ներդրումները 10 ծրագրով կը գնահատուի 533 մլն տոլար, եւս 300 մլն տոլարի նախագիծեր ներկայացուած են հաստատման», - եզրափակած է Օվերչուքը: