Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին Մոսկուայի մէջ հնդկական համայնքի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է, որ Ռուսիան իր երկրի «հաւատարիմ բարեկամն է, իսկ ռուս-հնդկական յարաբերութիւններուն մէջ ջերմաստիճանը միշտ բարձր է»։
«Երբ կը նշուի «Ռուսիա» բառը, իւրաքանչիւր հնդիկի միտքին եկող առաջին բանն այն է, որ Ռուսիան Հնդկաստանի ուղեկիցն է ե՛ւ երջանկութեան, ե՛ւ տխրութեան պահերուն: Ռուսիան Հնդկաստանի իսկական բարեկամն է»,-ըսած է Մոտին։
Միեւնոյն ժամանակ ան աւելցուցած է, որ «Ռուսիոյ մէջ երբեմն ջերմաստիճանը զէրոյէն ցած կ՚ըլլայ, սակայն Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մէջ ջերմաստիճանը միշտ բարձր է»։
Մոտին ընդգծած է, որ «Ռուսիան Հնդկաստանի յուսալի բարեկամն է որեւէ եղանակին»։
Յուլիս 8-ին Հնդկաստանի կառավարութեան ղեկավարն այցով ժամանած է Մոսկուա, պիտի կայանայ ռուս-հնդկական 22-րդ գագաթնաժողովը։