Ռուսիան երկու ամսուան ընթացքին պիտի սկսի անօդաչուներու դէմ ռատիոելեկտրոնային պայքարի նոր սերունդի համակարգերու արտադրութիւնը, տեղեկացուցած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն՝ յղում կատարելով «Ռոստեխ»ի պետական մամուլի ծառայութեան։
«1-2 ամիսէն կը նախատեսուի աւարտել պետական փորձարկումները եւ անցնիլ անօդաչուներու դէմ պայքարի համակարգերու արտադրութեան»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Աղբիւրը նշած է, որ «Ռոստեխի» ձեռնարկութիւնները կը մեծցնեն սպառազինութիւններու, ռազմական եւ յատուկ սարքերու արտադրութեան աշխուժութիւնն ու ծաւալները։ Խօսքը հարուածային եւ փոխադրային ուղղաթիռներու, նոր եւ արդիականացուող կործանիչներու, ռմբակոծիչներու, ռազմավարական հրթիռակիրներու, փոխադրային եւ ուսումնական մարտական ինքնաթիռներու մասին է։
Բացի այդ, կը շարունակուին «Искандер-М» եւ «Панцирь-С1» համալիրներու, Т-72Б3, Т-72Б3М, Т-80БВМ եւ Т-90М հրասայլերու մատակարարումները, զօրքերը կը համալրուին Мста-С, «Малка», «Акация» եւ «Гиацинт-С» ինքնագնաց հրետանային կայանքներով, «Тюльпан» ինքնագնաց ականանետերով, ТОС-1А «Солнцепек» ծանր համակարգերով, ինչպէս նաեւ հրետանային հետախուզութեան, կապի համալիրներով եւ կառավարման մեքենաներով։