image

Ռուսիան առաւօտեան արձակած է մօտ 110 հրթիռ Քիեւի ուղղութեամբ. Զելենսքի խոստացած է պատասխանել

Ռուսիան առաւօտեան արձակած է մօտ 110 հրթիռ Քիեւի ուղղութեամբ. Զելենսքի խոստացած է պատասխանել

Դեկտեմբեր 29-ի առաւօտեան, Ուքրանիոյ դէմ  հարուածի ժամանակ Ռուսիան մօտ 110 հրթիռ արձակած է, որոնցմէ շատերը խոցուած են, սակայն ատոնցմէ որոշները հարուածած են թիրախները, կան զոհեր եւ աւերածութիւններ, ըսած է նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։ Այս մասին գրած է pravda.com.ua-ն:

Անոր խօսքով՝ ռուսերը յարձակած են Քիեւի, Լվովի, Օտեսայի, Տնեփրի, Խարքովի, Զափորոժիէի եւ այլ քաղաքներու վրայ։ Վնասուած են ծննդատուն, ուսումնական հաստատութիւններ, առեւտուրի կեդրոն, բարձրայարկ շէնքեր եւ առանձնատուներ, պահեստ, մեկենանաերու կայանատեղի։

Զելենսքին աւելցոցած է, որ բոլոր ծառայութիւնները կ՚աշխատին ուժեղացուած ռեժիմով եւ անհրաժեշտ օգնութիւն կը ցուցաբերեն մարդոց։

«Կը ցաւակցիմ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ ընկերներուն, վիրաւորներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում։ Մենք անպայման պատասխան պիտի տանք ահաբեկիչներուն անոնց յարձակումներու համար։ Եւ մենք պիտի պայքարինք երաշխաւորելու մեր երկրի, իւրաքանչիւր քաղաքի, մեր ողջ ժողովուրդի անվտանգութիւնը։ Ահաբեկչութիւնը պէտք է պարտուի, եւ այդ պիտի իրականանայ»,- ամփոփած է Ուքրանիոյ նախագահը։

Նշենք, որ Դեկտեմբեր 29-ին Ռուսիան վերջին ամիսներու խոշորագույն հարուածը հասցուցած է Ուքրանիոյ՝ պայթումներ հնչած են Քիեւի, Լվովի, Օտեսայի, Խարքովի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ. զոհուած է առնուազն 9 մարդ։