Սեւ ծովուն մէջ ամերիկեան արտադրութեան չորս Willard Sea Force արագընթաց նաւակ ոչնչացուած է, որոնց վրայ ուքրանական օդային վայրէջքի յատուկ խումբեր եղած են ։
Այս մասին յայտնած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«4 սեպտեմբեր 2023-ի գիշերը Սեւ ծովու հիւսիս-արեւմտեան հատուածին Սեւծովեան նաւատորմի ռազմածովային օդագնացութեան օդանաւերն ուքրանական լաստանաւերու խումբերով դէպի Խրիմի ափերու մօտ Թարխանկուտ հրուանդանը շարժող չորս ամերիկեան արտադրութեան Willard Sea Force արագընթաց նաւակ ոչնչացուցած են»,- նշուած է Ռուսիոյ դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Այլ մանրամասնութիւններ առայժմ չեն հաղորդուած։