Ուքրանիոյ Խարքովի մարզի Լոզովայա քաղաքը գիշերը ենթարկուած է յարձակման, որուն հետեւանքով մէկ քաղաքացի զոհուած է, իսկ տասը ուրիշներ վիրաւորուած են։ Այս մասին հաղորդած են Լոզովայայի քաղաքապետ Սերկէյ Զելենսքին եւ Խարքովի մարզի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան դիմատետրեան էջը։
«Լոզովայան ենթարկուած է պատերազմի սկիզբէն ի վեր ամենազանգուածային յարձակման։ Վնասուած են կենսական ենթակառուցուածքներ, բազմայարկ շէնքեր եւ մասնաւոր տուներ։ Ցաւօք, կան վիրաւորներ, այդ շարքին՝ երկու մանուկ։ Փրկարարներ, բժիշկներ եւ շտապօգնութեան անձնակազմը կը գործեն տեղւոյն վրայ։ Մենք արձանագրած ենք հասցուած վնասները», -նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Օգոստոս 5-ի առաւօտեան դրութեամբ, Լոզովայայի որոշ հատուածներ մնացած են առանց ելեկտրական հոսանքի։ Ամենամեծ վնասները գրանցուած են Աւիլովքայի միքրոշրջանին եւ Քաթերինովսքի Սթարոսթինսքի շրջանին մէջ։ Քաղաքային ծառայութիւնները աշխատանք կը տանին ջրամատակարարումը վերականգնելու ուղղութեամբ։
«Այս գիշեր, ռուսերը իսկական ահաբեկչութիւն գործեցին խաղաղ քնացած բնակիչներու դէմ», — շեշտած է քաղաքապետ Զելենսքին։