image

Ռուսիա, Չինաստան եւ Իրան միացեալ զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնեն

Ռուսիա, Չինաստան եւ Իրան միացեալ զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնեն

Ռուսիան, Չինաստանը եւ Իրանը մարտ 15-էն 19-ը համատեղ ռազմածովային զօրավարժութիւններ պիտի կայացնեն Օմանի ծոցին մէջ: Ինչպէս նշած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, այս մասին յայտնած է Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Ռուսիոյ, Չինաստանի, Իրանի եւ այլ երկիրներու զինուած ուժերու միջեւ պայմանաւորուածութիւններու համաձայն՝ Չինաստանի, Իրանի, Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու ռազմածովային ուժերը մարտ 15-էն 19-ը Օմանի ծոցին մէջ պիտի կայացնեն «Ծովային անվտանգութեան գօտի 2023» համատեղ ռազմածովային զօրավարժութիւններ»,-ըսուած է WeChat ընկերային ցանցին մէջ գերատեսչութեան պաշտօնական էջին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։