image
Հրատապ լուրեր:

«Ռուսաստանի հետ մեր յարաբերութիւններում ոչ մի սխալ բան չենք արել». Փաշինեան

«Ռուսաստանի հետ մեր յարաբերութիւններում ոչ մի սխալ բան չենք արել». Փաշինեան

«Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ կապուած մեր յարաբերութիւններում ոչ մի սխալ բան չենք արել», - կուսակիցներու հետ հանդիպման յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Մեր գործընկերները չեն կարող ցոյց տալ մի տեղ, ասել, որ «դուք այստեղ այսինչ պարտաւորութիւնն ունէիք եւ այդ պարտաւորութիւնը չէք կատարել»։ Մենք կարող ենք ցոյց տալ եւ ցոյց ենք տալիս, լեգիտիմ հարցեր ենք բարձրացնում եւ ակնկալում ենք այդ լեգիտիմ հարցերին բովանդակային պատասխան։ Քանի այդ պատասխանը չի հնչել, ուրիշ ինչ էլ ասուի՝ դա հարցը չի լուծելու», -ըսած է վարչապետը։

Պաշտօնական Մոսկուան կը պնդէ, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու փլուզման ուղղութիւն կը վարէ, եւ Արեւմուտքը Երեւանի միջոցաւ կը ջանայ դուրս մղել Ռուսիան Հարաւային Կովկասէն:

Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները սրուած են յատկապէս 2022 թուականի սեպտեմբերին Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք։ Հակառակ Երեւանի պահանջներուն՝ ո՛չ ՀԱՊԿ-ը, ո՛չ Ռուսիան մինչ օրս չեն դատապարտած դաշնակից երկրի դէմ այդ յարձակումը եւ չեն արձանագրած, որ Ատրպէյճանը Հայաստանէն տարածքներ բռնագրաւած է։ Վարչապետ Փաշինեանը յայտարարած է, որ Երեւանի անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին փաստացի սառեցուած է, հնարաւոր է՝ սառեցուի նաեւ օրինականօրէն, եթէ դաշնակիցները չփոխեն իրենց դիրքորոշումը։