Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի խորհրդատու հետազօտական կազմակերպութիւնը վերջերս կարծիք յայտնած է, թէ Ռուսաստան կրնայ դիմակայել վերջին օրերուն իր դէմ կիրառուած պատժամիջոցները, եւ կանխատեսած է, որ Միացեալ Նահանգները եւ եւրոպացի դաշնակիցները պիտի տուժեն Ուքրանիոյ աջակցելու համար:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Ալ Արապիա» կայքէն:
Աղբիւրը նշած է, թէ Ռուսաստան Ուքրանիա պատերազմի ֆոնին, Ժամանակակից Միջազգային Յարաբերութիւններու Չինաստանի հիմնարկի գիտաշխատող՝ Մա Սիւն ուշագրաւ յօդուած հրապարակած է համացանցի ընկերային հարթակներով, ուր մասնաւորապէս գրած է,- «Ռուսաստան արդէն վարժուած է ֆինանսական պատժամիջոցներուն, որոնք կիրառուած են իր դէմ 2014-էն ի վեր, երբ գրաւեց Խրիմը»:
Մա Սիւն, որու հետազօտական հիմնարկը կապուած է Պետական Անվտանգութեան նախարարութեան Չինաստանի քաղաքացիական հետախուզական գործակալութեան հետ, նշած է նաեւ, որ «Ռուսական դրամատուներու անջատումը SWIFT դրամատնային փոխանցման համակարգէն նոյն չափով պիտի վնասէ Եւրոպային»:
Մա աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ ապագային կրնայ մեծ ծախսեր ունենալ տնտեսական եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելով իր դաշնակիցներուն, նաեւ Եւրոպան կրնայ ապակայունանալ փախստականներու մեծ թիւերուն պատճառով:
«Եթէ փախստականներու տագնապը պատշաճ կերպով չկարգաւորուի, այդ կը նպաստէ Ռուսաստանին, որ ատելութիւն սերմանէ եւ ՆԱԹՕ-ին սապոթաժի ենթարկէ»,- շարունակած է Մա:
«Փախստականներու խնդրով ծագած բանավէճը Եւրոպայի մէջ կրնայ նաեւ վնասել անոր միասնութեան որոշակի պահերու ընթացքին»:
Աղբիւրը նշած է թէ պատժամիջոցներու վերաբերեալ Մայի այս տեսակէտը կը հակասէ պատժամիջոցներուն սկզբնական հետեւանքներուն: Ռուսաստանի Կեդրոնական դրամատան անջատումը յանգեցուց ռուբլիի ամենամեծ անկումին, որ տեղի ունեցած էր 1990-ականներէն ի վեր:
Կարգ մը օտար ընկերութիւններ, անոնց կարգին՝ BP Plc եւ Shell Plc, կը լքեն աշխարհի թիւ 11 տնտեսութիւնը ունեցող երկիրը ֆինանսական եւ հեղինակային վտանգներու պատճառով, եւ ռուսական արդիւնաբերական մետաղներու արտածումը անդամալուծուած է, որովհետեւ յաճախորդները եւ ներդրողները քաշուած են:
Յամենայն դէպս, Չինաստան կրնայ որոշ աջակցութիւն ցուցաբերել Ռուսաստանին, որպէսզի պատիժներուն վնասները շատ ծանր չըլլան: Ըստ առեւտարականներուն՝ կը սպասուի որ չինական ընկերութիւնները ձեռք բերեն ռուսական նաւթը զեղչուած գինով, եթէ պատժամիջոցները «ստիպեն» միւս յաճախորդներուն խուսափիլ ռուսաստանեան շուկայէն։
Չինաստան նաեւ կրնայ ապահովել ֆինանսական օգնութիւն, որովհետեւ Չինաստանի Ժողովրդական դրամատունը բազմամիլիառ տոլարի արժողութեամբ փոխանակումներ ունի Մոսկուայի իր գործընկերոջ հետ, ինչ որ թոյլ կու տայ երկիրներուն վճարումներ կատարել եւ շարունակել առեւտուրը:
Նշուած է նաեւ, որ վերջին տարիներուն, Ռուսաստան աշխատած է վերացնել տոլարի ազդեցութիւնը իր ֆինանսական համակարգէն վաճառելով ամերիկեան պահեստի գումարներու մեծ մասը 2018-ին։