image

Ռուս-ուքրանական պատերազմի մեկնարկէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Լաւրով պիտի այցելէ եւրոպական երկիր մը

Ռուս-ուքրանական պատերազմի մեկնարկէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Լաւրով պիտի այցելէ եւրոպական երկիր մը

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը 2024 թուականի դեկտեմբերին ծրագրած է աշխատանքային այց կատարել Մալթա, գրած է «Վետոմոսթի» թերթը՝ վկայակոչելով Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

Այսպիսով, Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարը ռուս-ուքրանական պատերազմի մեկնարկէն ի վեր առաջին անգամ պիտի այցելէ ԵՄ երկիր։

Վերջին անգամ Լաւրովը Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ եղած է 2021 թուականին, երբ Սթոքհոլմի մէջ մասնակցած է Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան  կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հանդիպման։