ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն ժամանած է Իսթանպուլ, ուր այսօր՝ մայիս 16-ին, կը սպասուին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններու միջեւ բանակցութիւններ: Այս մասին յայտնած է AFP գործակալութիւնը։
Ըստ գործակալութեան, ան պիտի չմասնակցի բանակցութիւններուն: Ռուպիոն յայտնած է, որ պիտի մնայ Թուրքիա՝ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները վերահսկելու համար։
ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըտ Թրամփի միջեւ ուքրանական հակամարտութեան լուծման համար նախատեսուած հանդիպման ժամանակն ու վայրը դեռ որոշուած չեն։
Աւելի վաղ Սպիտակ տունը յայտարարած էր Թրամփի եւ Փութինի միջեւ անխուսափելի հանդիպման մասին։
Ռուսական եւ ուքրանական լրատուամիջոցներու աղբիւրները յայտնած են, որ մայիս 15-ին նախատեսուած Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւնները, որոնք առաջին ուղիղ բանակցութիւններն են վերջին երեք տարուան ընթացքին, կրնան մեկնարկել մայիս 16-ին Իսթանպուլի մէջ։