Ատրպէյճանի իշխանութիւնները քրէական գործ յարուցած են Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի (МГИМО) ռազմաքաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոնի նախկին առաջատար փորձագէտ Միխայիլ Ալեքսանտրովի դէմ «հանրապետութեան ուժանիւթային համակարգի վրայ հրթիռային յարձակումներ իրականացնելու կոչերու համար» եւ անոր նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարած են:
Երկրի գլխաւոր դատախազութենէն յայտնած են, որ «Ալեքսանտրովի դէմ բաւարար ապացոյցներու շնորհիւ որոշում կայացուած է անոր որպէս մեղադրեալ ներգրաւել Քրէական օրէնսգրքի նշուած յօդուածներով։ Դատարանի որոշմամբ ան միջազգային հետախուզման մէջ է Ինթըրփոլի միջոցով՝ անոր նկատմամբ կալանքի տեսքով խափանման միջոցի ընտրութեամբ»,- յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։
Ըստ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան՝ 13 դեկտեմբերին, լայն լսարանի համար հնչեցուցած ուղերձին մէջ Ալեքսանտրով «փորձած է վնաս հասցնել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան յարաբերութիւններուն՝ բացայայտօրէն կոչ ընելով ամբողջութեամբ ոչնչացնելու Ատրպէյճանի նաւթարդիւնաբերութիւնը եւ ուժանիւթային համակարգը՝ հրթիռային հարուածներ հասցնելով»։