image

Ռոպերթ Քոչարեանը դատի տուած է Նիկոլ Փաշինեանը

Ռոպերթ Քոչարեանը դատի տուած է Նիկոլ Փաշինեանը

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանական խումբը հայց ներկայացուցած է ընդդէմ Հայատանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։

Հայցի հիմքը Նիկոլ Փաշինեանի՝ մարտ 1-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հրաւիրուած հանրահաւաքի ընթացքին հնչեցուցած արտայայտութիւններն են:

Պաշտպանները կը պահանջեն որպէս զրպարտութիւն համարել Փաշինեանի արտայայտութիւնները, հերքել անոնք եւ ճանչնալ նախագահի անմեղութեան կանխավարկածը։

Խախտումներու համար պահանջուող փոխհատուցման ընդհանուր չափը կը կազմէ 4 մլն դրամ։