ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի՝ Դեկտեմբեր 27-ին ստորագրած 2022 թուականի ֆինանսական տարուայ «Ազգային պաշտպանութեան մասին» օրէնքին մէջ առկայ են կարեւոր դրոյթներ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ: Անոր մէջ մասնաւորապէս կը շեշտուի, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ պահել շուրջ 200 հայ ռազմագերի՝ խեղաթիւրելով անոնց կարգավիճակը՝ շեշտելով որ Ատրպէյճանը պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն վերադարձնէ գերեվարուած բոլոր անձերը:
Օրէնքին մէջ կը նշուին Գոնկրեսի եզրակացութիւնները 44-օրեայ պատերազմին վերաբերեալ, մասնաւորապէս.
Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան «օտարերկրեայ աշխարհազօրային ջոկատներու աջակցութեամբ» ռազմական յարձակում սկսած են Արցախի վրայ:
Չնայած Ժընեւեան ուխտով եւ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն, հակամարտութեան աւարտէն տեւական ժամանակ անց Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը շարունակէ պահել շուրջ 200 հայ ռազմագերիներ, պատանդներ եւ ձերբակալած անձեր «խեղաթիւրելով անոնց կարգավիճակը», փորձելով արդարացնել հետագայ գերութեան մէջ անոնց գտնուիլը:
Ատրպէյճանը պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն վերադարձնէ բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերեվարուած քաղաքացիական անձերը: