Եթէ երկիր մը ուզէ կռիւ ընել, Իրանը խիստ պատասխան կու տայ. այս մասին «Mehr» գործակալութեան հաղորդմամբ, յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին:
«Նախապէս, երբ կ՚ուզէին խօսիլ Իրանի հետ, կ՚ըսէին, որ սեղանին ռազմական տարբերակ դրուած է, իսկ հիմա կ՚ըսեն՝ մենք մտադիր չենք հակամարտութիւն ունենալ Իրանի հետ», -ըսած է Ռայիսին:
Անոր խօսքով՝ Իրանի ուժը կը ստեղծէ անվտանգութիւն, եւ տարածաշրջանի երկիրները կրնան ապաւինել ատոր։
«Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ ոչ մէկ պատերազմ կը նախաձեռնենք, բայց եթէ որեւէ երկիր ուզէ կռիւ ընել, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կտրուկ պատասխան կու տայ», - եզրափակած է Ռայիսին: