Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ատամ Շիֆ նամակ կազմած է՝ դատապարտելով Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան աւագ խորհրդականի վերջին յայտարարութիւնները: Լուի Պոնոն մարտ 8-ին տարածաշրջան կատարած այցի ժամանակ յայտարարած էր, որ հիմա «պատժամիջոցներու ժամանակը չէ»:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Ատամ Շիֆ ստորագրութիւններ կը հաւաքէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի նամակի համար: Նամակի հեղինակները եւ Հայ դատի յանձնախումբը դատապարտելի կը համարեն այն, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեան բացառած է պատժամիջոցները Ատրպէյճանի նկատմամբ, որ արդէն երեք ամիս Արցախի մէջ շրջափակման մէջ կը պահէ 120 հազար հայեր: Ըստ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համփարեանի՝ Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտի կողմէ նման յայտարարութիւնը կը հաստատէ, որ երկրի նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը յստակ գործողութիւններ չի ձեռնարկեր Ատրպէյճանի դէմ, եւ Իլհամ Ալիեւ կրնայ շարունակել իր հակահայկական գործողութիւնները:
Շիֆի նախաձեռնած նամակին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Մենք խորապէս անհանգստացած ենք ուղեւորութեան ընթացքին Ձեր մեկնաբանութիւններէն, որոնք կը բացառեն Ատրպէյճանի դէմ տնտեսական եւ դիւանագիտական պատժամիջոցներու կիրառումը՝ ի պատասխան անոնց ակնյայտ յարձակման: Հաղորդուած է, որ դուք յայտարարած էք, որ «պատժամիջոցներու ժամանակը չէ… այդ այս պահուն նոյնիսկ քննարկման փուլի մէջ չէ»: Մինչ 120 000 անմեղ մարդիկ երրորդ ամիսն է, որ զրկուած են իրենց հիմնական իրաւունքներէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակման պատճառով, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը (Համաշխարհային դատարանը) Ատրպէյճանին հրամայած է դադրեցնել, հիմա ժամանակը չէ բացառելու որեւէ գործիքակազմ»:
Նամակին մէջ նաեւ նշուած է, որ Միացեալ Նահանգները, Միացեալ Նահանգներու նախագահը, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը եւ ամբողջ վարչակազմը պէտք է օգտագործեն իրենց տրամադրութեան տակ եղած բոլոր գործիքները՝ ապահովելու Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, այդ շարքին՝ դադրեցնեն ֆինանսական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին եւ պատժամիջոցներ կիրառեն այդ երկրի դէմ: