Քրեմլինը բացասաբար կը վերաբերի Ռուսիոյ որոշ լրատուամիջոցներու ղեկավարներու եւ պատգամաւորներու Հայաստան մուտքի արգելքին: Այս մասին լրագրողներու հարցերուն ի պատասխան ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով։
«Անկեղծ ըսած, մենք բացասաբար կը վերաբերինք այս հարցին։ Հայաստան մեր մեծ բարեկամն է, դաշնակիցը, ռազմավարական գործընկերը։ Եւ, ի հարկէ, երկկողմ յարաբերութիւններու մակարդակն ու բնոյթը մեզի կը պարտաւորեցնեն պաշտպանել մեր երկկողմ յարաբերութիւնները նման դէպքերէ»։
Փեսքով նաեւ յոյս յայտնած է, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւնները «տեսանելի ապագային զերծ ըլլան նման դէպքերէ»։
ԹԱՍՍ կը յիշեցնէ, որ 7 մարտին MGIMO-ի փրոֆեսոր Վիքթոր Սողոմոնեան յայտնած է, որ «Նիւզ Մետիա» հրատարակչութեան գլխաւոր տնօրէն եւ նախագահ Արամ Գաբրելեանովին թոյլ չեն տուած, որ մուտք գործէ Հայաստան։ Սողոմոնեան մանրամասնեց, որ Գաբրելեանով Մոսկուա վերադարձած է յաջորդ թռիչքով։
2022-ի հոկտեմբերին ալ RT հեռուստաալիքի գլխաւոր խմբագիր Մարգարիթա Սիմոնեան յայտարարած էր, որ արգիլած են իր մուտք գործելը Հայաստան։
Այդ ցանկին վրայ նաեւ կայ ՌԴ պատգամաւոր Զատուլին։