Ռուսաստանի ոստիկանութեան աշխատակիցները քրէական գործեր յարուցած են Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանատուներու պայթումի սպառնալիքներով անանուն հաղորդումներէն յետոյ, որոնք իբր թէ պիտի իրականացուէին, եթէ այդ երկիրներու զօրքերը դուրս չբերուին Ղազախստանի տարածքէն:
Քրէական գործեր յարուցուած են ՌԴ ՔՕ 207-րդ յօդուածի 2-րդ մասով («ակնյայտ կեղծ հաղորդում ահաբեկչութեան արարքի մասին»: Յօդուածի պատժամիջոցը կը նախատեսէ 500-էն մինչեւ 700 հազար ռուբլիի չափով տուգանք կամ երեքէն մինչեւ հինգ տարուայ ազատազրկում:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 7-ին անյայտ անձեր պայթումի սպառնալիքներով նամակներ ուղարկած են Ռուսաստնաի մէջ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանատուներու ելեկտրոնային փոստին: Անոնք կը պահանջէին Ղազախստանի տարածքէն դուրս բերել երկիրներու զօրքերը։ Շէնքերը հետազօտուած են, պայթուցիկ սարքեր եւ պայթուցիկ նիւթեր չեն յայտնաբերուած: