Ժողովուրդը, Սահմանադրութիւնը, օրէնքն ասել է, թէ ինչպէս են մանտաթը տալիս եւ ինչպէս այդ մանտաթը ետ վերցնում:
ՀՀ Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութան մէջ յռաջիկային քննարկում տեղի պիտի ունենայ` նիստերէն բացակայող ընդդիմադիրները մանտաթէն զրկելու հարցով: Այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆէյսպուքեան իր էջի եթերով` պատասխանելով լրատուամիջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հարցումներուն:
Անդրադառնալով ընդդիմադիրներու դիտարկման, որ իրենց պատգամաւորական մանտաթը տուած է ժողովուրդը, եւ ոչ ոք այդ չի կրնար ետ վերցնել` Փաշինեան ըսաւ, որ ժողովուրդը մանտաթը տուած է օրէնսդրութեան եւ Սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ: «իսկ ՀՀ օրէնսդրութիւնը, Սահմանադրութիւնը նախատեսում են ԱԺ պատգամաւորին մանտաթից զրկելու կարգ, որը մէկ նստաշրջանում քուէարկութիւնների կէսից աւելին բացակայելու վերաբերեալ է», յաւելեց ան:
Վարչապետը յիշեցուց, որ ինք եւս ընդդիմադիր եղած է, իր քաղաքական ուժը կատարած է ցոյցեր, յեղափոխութիւն, սակայն ինքը` ԱԺ պատգամաւոր` մէկ նստաշրջանի քուէարկութեան կէսէն աւելիէն երբեք չէ բացակայած:
Փաշինեանը ընդդիմադիրներուն յուշում տուաւ. «Պատգամաւորական գործունէութիւնը ոչ միայն չի խանգարում, այլ նաեւ, ես խիստ կասկածում եմ, որ եթէ ես Աժ-ի պատգամաւոր չլինէի, եւ Աժ-ի ամբիոնը չլինէր, ես, մեր քաղաքական թիմը կը կարողանա՞ր իրագործել այն քաղաքական գործընթացները, որ տեղի ունեցան: Ժողովուրդը, Սահմանադրութիւնը, օրէնքն ասել է, թէ ինչպէս են մանտաթը տալիս եւ ինչպէս այդ մանտաթը ետ վերցնում: Արդեօ՞ք դա տեղի կ'ունենայ. ընթացակարգ կայ: ՔՊ խմբակցութիւնում, ես գիտեմ, որ պէտք է յառաջիկայում այդ թեմայով քննարկում տեղի ունենայ, եւ խմբակցութեան դիրքորոշումն այս հարցում շատ կարեւոր է», ըսաւ ան:
Եթէ ԱԺ խորհուրդը մանտաթէն զրկելու որոշում կայացնէ, յետոյ պէտք է դիմել ՍԴ, վերջնական որոշումը պէտք է կայացնէ ՍԴ-ն: Փաշինեան իր անձնական դիրքորոշումը հրապարակելը ճիշդ չհամարեց, քանի որ ՔՊ խմբակցութեան մէջ, քաղաքական խումբին մէջ ալ այդ հարցով քննարկում, վերջնական որոշում դեռ չկայ: