image

Քիեւը նոր հակայարձակման ծրագիր ունի. Զելենսքի

Քիեւը նոր հակայարձակման ծրագիր ունի. Զելենսքի

Քիեւը նոր հակայարձակման ծրագիր ունի, ըսած է երկրի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին գերմանական Bild պարբերականին տուած հարցազրոյցին։

«Այո, մենք ունինք հակայարձակման ծրագիր», -ըսած է ան:

Միաժամանակ, Զելենսքին ընդգծած է, որ յարձակողական գործողութեան համար Ուքրանիոյ անհրաժեշտ են առաջադէմ սպառազինութեան համակարգեր օտարերկրեայ գործընկերներէն, այդ շարքին՝ ԱՄՆ-էն։ Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Քիեւ կը ստանայ ժամանակակից արհեստագիտութիւններ՝ նորագոյն զինատեսակներու արտադրութեան համար։

Ուքրանիոյ վերջին հակայարձակումը սկսած է 2023 թուականի յունիս 4-ին, սակայն այն տապալած էր: