image

Քելոկի հետ հանդիպումը կը վերականգնէ յոյսը. Զելենսքի

Քելոկի հետ հանդիպումը կը վերականգնէ յոյսը. Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին երէկ Քիեւի մէջ ընդունած է Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ հարցերով ԱՄՆ յատուկ բանագնաց Քիթ Քելոկը:

«Զօր. Քելոկի հետ հանդիպումը կը վերականգնէ յոյսը: Մեզի պէտք են ուժեղ համաձայնագրեր Ամերիկայի հետ, իսկապէս գործող համաձայնագրեր: Ես յանձնարարած եմ աշխատիլ արագ եւ շատ հաւասարակշռուած։ Տնտեսութիւնն ու անվտանգութիւնը միշտ պէտք է կողք կողքի ըլլան, իսկ գործարքներու մանրամասնութիւնները կարեւոր են. որքան լաւ գրուած են մանրամասնութիւնները, այնքան մեծ է արդիւնքը»,-ըսած է Զելենսքին իր տեսաուղերձին մէջ՝ ամփոփելով ամերիկացի պաշտօնեայի հետ հանդիպումը։

Անոր խօսքով՝ Քելոկի հետ քննարկուած է նաեւ իրավիճակը ռազմաճակատին վրայ, Ռուսիոյ մէջ պահուող բոլոր գերիները ազատ արձակելու, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան երաշխիքներու յստակ համակարգի անհրաժեշտութիւնը: