Այսօր առաւօտեան Լիբանանի հիսիսային նահանգին մէջ սկիզբ առած ընտրութիւններով իրենց լրումին կը հասնին երկրի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները: Կը սպասուի, որ ընտրական թէժ մրցակցութիւն արձանագրուի հիւսիսի մայրաքաղաք համարուող Թրիփոլիի մէջ: Լիբանանահայութիւնը հիւսիսի մէջ պիտի ներկայանայ մէկ քաղաքապետական խորհուրդի եւ մէկ թաղապետութեան թեկնածուներով: Լիբանանի նախկին ներքին գործոց նախարար Զօր. Աշրաֆ Ռիֆիիի զօրակցութիւնը վայելող ցանկը պիտի մրցի նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի- Նաժիպ Միքաթի ցանկին դէմ: Լիբանանահայութիւնն այս ընտրութիւններու լոյսին տակ ունեցած է երկու քաղաքապետներ, Պուրճ Համուտի մէջ ՝ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Այնճարի մէջ՝ Վարդգէս Խօշեան: Երկու քաղաքապետական խորհուրդներն ալ կը վայելեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նեցուկը: Ուշագրաւ է Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի պարագան, ուր Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան թեկնածու Արամ Մալեան հայերուն մէջ առաջին, իսկ քրիստոնեայ թեկնածուներուն մէջ՝ երրորդ դիրքը գրաւած է: