image
Հրատապ լուրեր:

Պուրճ Համուտի բարեզարդման աշխատանքները կը շարունակուին

Պուրճ Համուտի բարեզարդման աշխատանքները կը  շարունակուին

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին հայկական աւանը բարեզարդելու միտուած աշխատանքները կը շարունակուին։

Նոյն ծիրէն ներս, օրերս քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդունած է ՄԱԿ-ի Նախագծային Ծառայութեան ներկայացուցիչներ եւ միասնաբար քննարկուած են կատարուած աշխատանքներն ու ցարդ չամբողջացած ծրագիրներու իրականացման գործընթացները։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան դիմատետրի էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Երեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2025-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդունեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան(ՄԱԿ) Նախագծային Ծառայութեան գրասենեակէն երկու ընկերութիւններու՝ պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Dench եւ «Հապիպ Քայրուզ» կազմակերպութիւններէն ներկայացուցիչներ։

Քննարկուեցան Պուրճ Համուտէն անցնող եւ «Երեւան» անունը կրող կամուրջի ներքեւ գտնուող ճամբաներուն վերականգնման եւ Պուրճ Համուտի շուկայի ճամբուն բարեզարդման գործնական քայլերն ու համակարգման ընթացակարգերը։ Նշելով, որ նախնական ուսումնասիրութիւնները աւարտած են, խորհրդատուական ընկերութիւնները սկսած են փորձագիտական եւ դաշտային հետազօտութիւններ կատարել՝ պատրաստուելու իրագործելի նախագիծերուն իրականացման:

Ծրագիրը ՄԱԿ-ի Ծրագիրներու աջակցութեան գրասենեակի (UNOPS) նախաձեռնութիւնն է: Գերմանական զարգացման դրամատան (KFW) ֆինանսաւորմամբ:

Ծրագրի առաջին փուլը կը ներառէ Պուրճ Համուտի շուկայի աւանդական ճամբու բարեկարգումը ՝ սկսելով Մարաշէն մինչեւ Սիս թաղամասը, երկաթուղիէն մինչեւ Թրատ եւ Սատըր թաղամաս՝ չսահմանափակուելով միայն փողոցներով, այլ ներքին թաղամասերով եւս։

Այս փուլը կը ներառէ մայթերու, ճամբու նշաններու եւ ուղղութիւններու վերականգնման աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ ելեկտրածին գործիքներու ցանցերուն, համացանցի եւ արբանեակային ցանցերու կազմակերպում:

Ծրագրի հիմնական նպատակն է աւելիով բարեզարդել Պուրճ Համուտը, դարձնել զայն հաճելի վայր բնակելու, աշխատելու եւ գնումներ կատարելու, ու այդ առումով ալ կազմակերպելու առեւտուրի տարբեր միջոցառումներ եւ տօնավաճառներ։

Կ’ակնկալուի, որ այս փուլը աւարտի մօտ վեց ամիսէն։