image

Պոլսոյ մէջ. Յակոբ Կիւլէչ հանդիպած է «Աւանդական»-ի անդամներուն

  Պոլսոյ մէջ. Յակոբ Կիւլէչ հանդիպած է «Աւանդական»-ի անդամներուն

 Վերջին ամիսներուն Պոլիսէն Երեւան հայրենադարձած պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչ օրերս հանդիպած է իր կողմէ հիմնադրուած «Աւանդական» պարախումբի անդամներուն։

 

 Այս մասին կը կարդանք Պոլսոյ մեր պաշտօնակից ՝ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝ «Աւանդական» պարախումբի անդամները Գնալը կղզիի մէջ մտերմիկ հաւաքոյթով մը զիրար վերագտան՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու երկար ժամանակահատուածէն վերջ։ Այսպէս, «Աւանդական»ի տղաքը «Թէոս»ի մէջ իրարու հետ հանդիպեցան եւ ամենակարեւորը՝ դարձեալ հնարաւորութիւն ունեցան իրարու հետ պարելու։

 

Հարկ է նշել, որ միջոցէ մը ի վեր խումբի գեղարուեստական ղեկավարը՝ Յակոբ Արի Կիւլէչ Հայաստանի մէջ կը շարունակէ իր արհեստավարժ գործունէութիւնը։

 

Պարախումբի անդամները երէկուան հաւաքոյթով նաեւ դէպի Երեւան ողջերթ մաղթեցին Յակոբ Արի Կիւլէչին՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։