image

Բարի յիշատակ մը Պոլիսէն. Մահացած է բարեպաշտ անձնաւորութիւն Ստեփան Յովհաննէսեան

Բարի յիշատակ մը  Պոլիսէն. Մահացած է  բարեպաշտ անձնաւորութիւն   Ստեփան Յովհաննէսեան

Շիշլիի հայ կաթողիկէից գերեզմանատան մէջ օրերս տեղի ունեցած է նորոգ հանգուցեալ Ստեփան Յովհաննէսեանի յուղարկաւորութիւնը։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» պարբերականէն, որ  այս առթիւ մասնաւորապէս  կը գրէ՝

Շիշլիի հայ կաթողիկէից գերեզմանատան մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Ստեփան Յովհաննէսեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ծանօթ է, որ իր անժամանակ կորուստը վերջին օրերուն յառաջացուցած էր մեծ ցաւ։ Իր սիրելիները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուին Ստեփան Յովհաննէսեանին, որու յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան՝ շուրջն ունենալով այլ հոգեւորականներ։ Բոլորը բիւր յարգանքով իրենց խոնարհումը բերին հանգուցեալի բարի յիշատակին առջեւ, դագաղին շուրջ աղօթեցին իր յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար։ Յուղարկաւորները իրենց վերջին յարգանքին առարկայ դարձուցին հանգուցեալ Ստեփան Յովհաննէսեանը, որու մարմինը ամփոփուեցաւ նոյն գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս իրեն կը հայցենք երկնային հանգիստ։ Մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք համայն իր ընտանիքին՝ մանաւանդ այրիին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի բազմամեայ վաստակաւորներէն Լիկիա Յովհաննէսեանին, նաեւ որդւոյն՝ Վարդան-Ժուլիա Յովհաննէսեաններուն։