image

Պոլսոյ մէջ. Գողցած են Պէյօղլուի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ խաչը

Պոլսոյ մէջ. Գողցած են Պէյօղլուի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ խաչը

24 օգոստոսին գողցած են Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի Աթիֆ Եըլմազի փողոցը գտնուող հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ խաչը:

Նշուած է, որ աւելի ուշ 37 տարեկան անձը գողօնին հետ միասին յայտնաբերուած է եւ ձերբակալուած:

Այժմ ան կը գտնուի կալանքի տակ: Անոր «տաճարէն գողութիւն» ընելու յատկանիշներով մեղադրանք առաջադրուած է:

Ան խոստովանական ցուցմունքի ժամանակ նշած է, որ գողցած խաչը պիտի տար իր սիրելիին։