image

Պոլսոյ կալուածներու հարցը յանձուած է Թուրքիոյ Բարձրագոյն Ատեան. Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երիցեան

Պոլսոյ կալուածներու հարցը յանձուած է Թուրքիոյ Բարձրագոյն Ատեան. Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երիցեան

«Պատրիարքութիւնը աչալրջօրէն կը մօտենայ Պոլսոյ կալուածներու հարցին»,- այսպէս յայտարարած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կալուածոց խորհուրդի տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երիցեան: Միաբանը, որ անձնական այցելութեամբ կը գտնուի Լոս Անճելըս, այդ մասին խօսելով ըսած է. «Ինչ կը վերաբերի Պոլսոյ մէջ գտնուող մեր կալուածներուն, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութիւնը աչալրջօրէն կը մօտենայ այս հարցին եւ կը հետապնդէ այս հարցը օրինական միջոցներով` առանց թմբուկի ու փողահարութեան: Այժմ հարցը յանձուած է Թուրքիոյ Բարձրագոյն Ատեան, եւ մենք կը սպասենք մեր վանքապատկան կալուածներուն վերադարձին իր վաւերական եւ օրինական տէրերուն` Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան»: Նշենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ օրակարգի նիւթ կը դառնայ Պոլսոյ եւ առհասարակ Թուրքիոյ մէջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պատկանող կալուածներու եւ հոգետուներու խնդիրը: Այս մասին քանիցս արձագանքած է Պոլսոյ հայաշխարհի ամէնէն տարեց թերթը ՝ «Ժամանակ»ը, որ տարբեր առիթներով, իր անհանգստութիւնը յայտնած էր Երուսաղէմի Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Պոլսոյ տուած յաճախակի այցերուն առթիւ, ատոնք «բաւականին խորհրդաւոր» եւ «մութ» այցեր համարելով:

«Արեւելք»,  Պոլսոյ իր աղբիւրներուն յենելով,   աւելի վաղ տեղեկութիւն ստացած էր, որ Պատրիարքարանը այդ կալուածները վաճառելու հարցը կը քննարկէ Թուրքիոյ պատկան մարմիններուն հետ, բայց Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ.-ի՝     վերը կատարած յայտարարութիւնը այն մասին, որ իրենք հարցը «յանձնած են Թուրքիոյ Բարձրագոյն Ատեանին» եւ «կը սպասեն վանքապատկան կալուածներուն վերադարձին իր վաւերական եւ օրինական տէրերուն», բոլորովին նորութիւն էր: Նշենք, որ Տ. Պարէտ Վրդ.  յայտարարութիւնը տեղ գտած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՍԴՀԿ Օրկան «Մասիս»ի ելեքդրոնային կայքէջին վրայ: