image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն ԼՂ-էն ձերբակալուածներու վերաբերեալ Պորելի յայտարարութիւնը «կեղծ եւ սադրիչ» որակած է

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն ԼՂ-էն ձերբակալուածներու վերաբերեալ Պորելի յայտարարութիւնը «կեղծ եւ սադրիչ» որակած է

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն արձագանգած է ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգության հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի յայտարարութեան։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղէն ձերբակալուածներու վիճակի վերաբերեալ եւրոպացի ատգամաւորներու հարցին՝ Պորել նշած  էր, որ ԵՄ-ն Ատրպէյճանին կոչ կ՚ընէ պահպանելու պատշաճ իրաւական ընթացակարգը, ձերբակալուածներու պաշտպանութեան հիմնական սկզբունքները եւ ապահովելու թափանցիկութիւն:

Պաքուն այդ յայտարարութիւնը որակած է «կեղծ եւ սադրիչ»։ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-էն վստահեցուցած են, թէ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց հետ կը վարուին 1949 թուականի Ժընեւի համաձայնագրի պահանջներուն համապատասխան։