image

Հուսիները Եմէնի երկնքին մէջ եւս մէկ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարք խոցած են

Հուսիները Եմէնի երկնքին մէջ եւս մէկ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարք խոցած են

Եմէնի «Անսար Ալլահ» շարժման հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը Տամար նահանգի երկինքին մէջ եւս մէկ ամերիկեան MQ-9 Reaper անօդաչու թռչող սարք խոցած են: Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է շարժման ռազմական ներկայացուցիչ Եահիա Սարիան։

«Եմէնի զինուած ուժերը կը շարունակեն դիմակայել ԱՄՆ-ի եւ Մեծ Բրիտանիոյ յարձակումը եւ անոնց թշնամական գործողութիւնները, մեր ՀՕՊ միջոցները յաջողած են խոցել ամերիկեան MQ-9 անօդաչու թռչող սարքը, երբ այն թշնամական գործողութիւններ կ՚իրականացնէր Տամար նահանգի օդային տարածքին մէջ»,-ըսած է Սարիան։

Անոր խօսքով՝ թռչող սարքը ոչնչացուած է երկիր-օդ դասի հրթիռով։

Հուսիներու ներկայացուցիչը նշած է, որ սա արդէն երրորդ MQ-9 Reaper անօդաչիի թռչող սարքն է, որը խոցվել է անցած շաբաթվա ընթացքում: