Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցով մեկնած է Վրաստան: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանի դիմատետրեան էջէն։
Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէի առանձնազրոյցը, այնուհետեւ քննարկումները պիտի շարունակուին ընդլայնուած կազմով:
Քննարկումներու արդիւնքներով Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները հանդէս պիտի գան յայտարարութիւններով: