image

Պոլսոյ Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ «Մշակոյթի շաբաթ» տօնուած է

Պոլսոյ Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ «Մշակոյթի շաբաթ» տօնուած է

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս Մշակոյթի շաբթուան գործունէութիւններու ծիրէն ներս տեղի ունեցած է Թարգմանչաց Տօնի առթիւ հանդիսութիւն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հոկտեմբեր ամսուան մուտքով Արամեան-Ունճեան վարժարանի մէջ սկսան Թարգմանչաց Տօնի եւ Մշակոյթի Շաբթուան գործունէութիւններուն պատրաստութիւնները։  Շաբթուան ամէն մէկ օրուայ համար տարբեր միջոցառում մը սարքուեցաւ տնօրէնութեան  եւ ուսուցչաց կողմէ։ Այս տարուան կարգախօսը »Հայկական խաչքարեր« թեման էր։

Ուսուցչուհի Եւգինէ Ինճիտիւզէն<Ո«մշակոյթը կազմող տարրերը բացատրելէ ետք, տեսաերիզի մը միջոցաւ ցուցադրեց լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեանի կողմէ նկարուած զանազան երկիրներու մէջի խաչքարերու եւ մշակոյթի նմոյշներու օրինակները։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ  դիտեցին ցուցադրութիւնը։

Գծագրութեան ժամուն աշակերտները խաչքարներ ծրագրելով էջադիրներ պատրաստեցին, յետոյ դասարաններու պարախումբերը մարզասրահին մէջ  ներկայացուցին հայկական ժողովրդական պարերէ   փունջ մը. տղաքը ծափողջիւններով մասնակցեցան այս խրախճանքին։

Տիկին Արշալոյս Պալմումճու Հայկական խոհանոցի ճաշերէն խաւիծը բացատրեց, բաղադրիչները համրեց եւ աշակերտներուն հետ միասին խաւիծ եփեց։ Յետոյ բոլորը միասին համտեսեցին։

Ուսուցչուհի Նելլի Պասմաճեան մատենադարանի, մատեանի, գրիչի, ծաղկողի, մագաղաթի եւ որդան կարմիրի  մասին տեղեկութիւններ տալով նկարները ցուցուց։ Միաժամանակ մագաղաթի լուսապատճէններ բաժնեց, աշակերտները կարմիր մատիտ ¤իբր որդան կարմիր_ գործածելով հայերէն գիրեր գրեցին, զարդարեցին եւ ցուցադրեցին։ Մինչ այդ սրահին անկիւնն ալ Մեսրոպ Մաշտոցի կերպարով նստած էր աշակերտ Այգ Այգաչ եւ կը հետեւէր ներկայացման։

Տօնական միջոցառումներու վերջին օրը յատկացուած էր հանդէսի։ Վարժարանի բոլոր դասարաններու աշակերտները բեմ բարձրանալով  արտասանեցին, պարեցին, երգեցին եւ իրենց ներկայացումները կատարեցին, իսկ  Միջնակարգի աշակերտները օրաթարիօ մը ներկայացուցին ¤Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքը, գիրերու գիւտը,  Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, Ոսկեդարը, թարգմանիչները, հանելուկներ_։

Հանդէսը վերջ գտաւ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի սրտի խօսքով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն։

Հանդէսը պատրաստող ուսուցիչներն էին. Աննա Սարը  Սեչկին, Թամար Մանկասար, Էլիզապէթ Քապէ, Մելիս Սօլաքօղլու, Վերա Հէմէնկիւլ, Այլին Եսայեան, Թամայ Եըլմազ, Այլին Քէշիշօղլու, Էսրա Էօզալբ, Հրանդ Չիզմէճեան, Քրիստին Տելլալօղլու։

Տիկին Թալին մեծ ուրախութեամբ խօսեցաւ նաեւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի սան, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Տարօն Աճէմօղլուի մասին, անոր դպրոցական օրերէն լուսանկարները ցոյց տուաւ տղոց, նաեւ պատմեց Աճէմօղլու ընտանիքի մասին։ Յիշեցուց որ Տնօրէնութիւնը 2019ին Տարօն Աճէմօղլուի մօր՝ Տիկին Իրմա Աճէմօղլուին  ¤10 տարի Արամեանին մէջ տնօրէնութիւն ըրած էր_ Յիշատակութեան օր մը կազմակերպած էր։  Տարօն Աճէմօղլուն ալ ներկայ գտնուած էր ոգեկոչման հանդիսութեան։

Այդ օրուան տեսաերիզները ցոյց տալով, Տնօրէնուհին աշակերտներուն յորդորեց որ Տարօնին նման յաջողութիւններ ձեռք ձգեն եւ մեր ազգին պատիւ բերեն։ Բոլորը միասին ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան վարժարանէն։