image

Զարեհ Խրախունիին ի յիշատակ. հոգեճաշ՝ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ

Զարեհ Խրախունիին ի յիշատակ. հոգեճաշ՝ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ

Օրերս, Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիին ի յիշատակ, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ սարքուած է հոգեճաշ մը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի (Արթօ Ճիւմպիւշեան) մահէն ետք կողակիցը՝ Տիկին Մառլէն (այժմ հանգուցեալ) եւ զաւակները՝ Յարօ եւ Նորա, «աւանդութիւն» մը որդեգրեցին տարելիցի առթիւ հոգեճաշ սարքելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ընտանիքին համար։

Այս առթիւ, երէկ 28 Նոյեմբերի կէսօրուայ ժամերուն Տիկին Նորա Ճիւմպիւշեան-Համբարձումեան եւ ընտանեկան բարեկամուհիներ Ժագլին Էրմէն, Սիլվա Կոմիկեան, Վիլմա Գ ունուզեան, Մարիամ Տրամէրեան, մեր խմբագրակազմէն Նաիրա Սիւզմէ հիւրընկալուեցան վարժարանի մէջ ու աշակերտներու հետ միասին մասնակցեցան հոգեճաշին։

Անոնց հետ սեղանակից եղան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ տնօրէնուհի Մարալ Հէրկէլ-Էօզտաղ։ Մինչ տղաքը խումբ առ խումբ ճաշարան կ'իջնէին ու կէսօրուայ ճաշը կ'ուտէին, Կորիւն Աւ. Քահանան աղօթքով յիշատակեց մեր ողբացեալ աշխատակիցը, նաեւ Ճիւմպիւշեան ընտանիքի բոլոր հանգուցեալները։

Հոգեճաշի ընթացքին մտերմիկ զրոյց մը սկսաւ, յիշատակներ վերաթարմացան անմոռանալի դէպքերու ընդմէջէն։ Բոլորն ալ ըսելիք ունէին եւ խօսակցութիւնը այսպէս կամ այնպէս կը կապուէր ողբացեալ բանաստեղծի ու իր այժմ արդէն հանգուցեալ Տիկնոջ հետ։