image

Պնակ մը «Տաք Ճաշ»

 Պնակ մը «Տաք Ճաշ»

Լիբանանի մէջ ստեղծուած պատերազմական վիճակի առընթեր տեղի ընկերային, առողջապահական եւ բարեսիրական միութիւնները կարեւոր ճիգեր կ՚իրականացնեն հասնելու համար երկրի Հարաւային շրջաններէն մայրաքաղաք Պէյրութ հասած եւ փախստական դարձած լիբանանցիներուն։

Այս առումով ալ կեդրոնական դեր մը կը կատարէ Լիբանանի Օգնութեան Խաչը՝ «ԼՕԽ»ը, որ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը վերցնելով ընթացք տուած է «Պնակ մը տաք ճաշ» կենսական ծրագրին։

Ասոր մասին օրերս գրած է լիբանանահայ գործիչ Յակոբ Հաւաթեան՝ «Ազդակ» պարբերականին մէջ։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք Յ. Հաւաթեանի գրառումը։

 

Մեր կեանքին մէջ կան երեւոյթներ, որոնց կը հանդիպինք ամէնօրեայ դրութեամբ, եւ որոնց բարիքները կը վայելենք, բայց արժէքին ու խորքային նշանակութեան չենք անդրադառնար, որովհետեւ կը վերածուին առօրեայի անբաժան ու բնական մէկ մասնիկի:

Քսան տարիներէ ի վեր, հետեւողական դրութեամբ մեր համայնքին մէջ կը գործէ ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմէնճեան» խոհանոցի «Տաք ճաշ»-ի ծրագիրը: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բարեսիրական, առողջապահական, ընկերային դաստիարակչական եւ այլ լայնատարած աշխատանքային մարզերուն մասին կարելի է գրել երկար: Սակայն, այս օրերուն, մեր ապրած ճգնաժամին մէջ, այս առաքելութիւնը լուսարձակի տակ բերելը կը խորհինք անհրաժեշտ է ու թելադրական:

Վերջին տարիներու յաճախ ականատես դարձանք մեծ թուով ժամանակաւոր եւ ընկերային կամ այլ օժանդակութիւններու քողին տակ թաքնուած անհատներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ բազմաթիւ օժանդակութիւններու, որոնք զանազան նպատակներ կը հետապնդէին: Այդ նախաձեռնութիւններուն քարոզարշաւին համար շատ յաճախ տրամադրուեցաւ աւելի մեծ պիւտճէ, քան նոյնինքն օժանդակութիւնը: Այդ օժանդակութիւնները նաեւ շատ մը պարագաներու վիրաւորեցին նպաստընկալին արժանապատուութիւնը:

ԼՕԽ-ի «Տաք ճաշ»-ը սակայն շարունակեց իր ուղին անձայն, առանց շեփորահարումի, խտրականութեան եւ մեծխօսիկութեան: Այս նուիրեալ աշխատանքը նաեւ կը յատկանշուի այն հանգամանքով, որ հաւաքական աշխատանքի գեղեցիկ եւ օրինակելի նախաձեռնութիւն մըն է: ԼՕԽ-ի նախաձեռնութեամբ, խումբ մը նուիրեալներ, շաբաթը քանի մը օրեր, իրենց անձնական գործն ու հաճոյքը մէկդի դրած, սակայն այս աշխատանքին մէջ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն գտնելով, կը հաւաքուին եւ ընտանեկան յարկերը կ՛օժտեն տաք ճաշով: Մեծ թէ փոքր նուիրատուներ իրենց լուման կը ներդրեն այս երախտաշատ աշխատանքին մէջ եւ այլ կամաւորներ նաեւ շատ յաճախ պատրաստուած ճաշը կը հասցնեն անոնց, որոնք ի վիճակի չեն կեդրոն ներկայանալու:

Ճգնաժամային օրերու ընթացքին այս աշխատանքը աւելի կ՛ընդարձակուի եւ անոր մեծագոյն հովանաւորը` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, մի՛շտ ալ կարեւորելով այս աշխատանքի կենսական կարիքը, «Տաք ճաշ»-ի այս առաքելութեան կ՛ապահովէ համահայկական զօրակցութիւն:

Այս առիթով` վարձքը կատա՛ր անցնող 20 տարիներուն այս աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ իրենց աշխատանքը դրած ԼՕԽ-ական բազում նուիրեալներու, որոնցմէ շատեր արդէն բաժնուած են այս կեանքէն: Կամաւորներու այս ընտրեալ բանակը ոչ մէկ ատեն ակնկալեց եւ կ՛ակնկալէ գնահատանք ու մեծարանք: Անոնց համար մեծագոյն մեծարանքը կը հանդիսանայ ընտանեկան յարկին տակ այդ տաք ճաշով ջերմութիւն եւ ժպիտ բաշխելու իրենց կոչումը: Այո՛, այս աշխատանքն ալ կոչում է, եւ անկախ իր շնորհած բարիքէն, կարիքաւոր ընտանիքին հետ զգալու եզակի առիթ մը:

Վերջապէ՛ս, այսօր գոհունակութեամբ ականջալուր կը դառնանք, որ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը դարձեալ լուսարձակի տակ կը բերէ այս խիստ կարեւոր առաքելութիւնը, կու գայ նեցուկ կանգնելու ծրագիրին ու քիչ մը մեղմացնելու լիբանանցիներու տառապալից առօրեան:

Կը մնայ մեզի, բոլորիս` ժողովուրդ եւ ձեռներէց ու բարեկեցիկ անհատներ, մեր կարգին գործնապէս արժեւորել այս աշխատանքը: Մտածելով, որ այդ տառապանքին ու ճակատագիրին կրնանք մատնուիլ նաեւ մե՛նք որեւէ ատեն, եւ որեւէ պահու, հետեւաբար` թէկուզ համեստ լումայով, հարկ է այս ծրագիրին մէջ ներդրել մեր բաժինը:

«Տաք ճաշ»-ը նաեւ մեր աւանդական ընտանեկան սրբութիւններուն մաս կազմող ըմբռնողութիւն է: Եկէ՛ք միասնաբար փորձենք քիչ մը ժպիտ բաշխել կարօտեալներուն, չափով մը մեղմենք անոնց տառապանքը եւ մարդկային ազնիւ մօտեցումով շարունակենք մեր նեցուկը:

Այս մօտեցումը վստահաբար աւելիով պիտի խրախուսէ Լիբանանէն դուրս ապրող մեր հայրենակիցները, որոնք համակող այս մթնոլորտին մէջ աւելիով պիտի քաջալերուին եւ իրենց ճիգը ներդրեն ու միացնեն այս առաքելութեան:

«Զհաց մեր հանապազօր` տուր մեզ այսօ՛ր…»:

Յակոբ Հաւաթեան 

 

 «Ազդակ»